Գանատայի Դեսպանը Պատրաստակամութիւն Յայտնած է Նպաստելու Փոխայցերու Աշխուժացման

This post was originally published on this site

ԵՐԵՒԱՆ․- Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ Արփինէ Յովհաննիսեանը Հոկտեմբեր 17ին ընդունած է Հայաստանի մէջ Գանատայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ճոն Ռոնալտ Քիւրը:

Արփինէ Յովհաննիսեան նշած է, որ հայ-գանատական յարաբերութիւնները կայուն կերպով կը զարգանան, երկու երկիրները ունին բարեկամութեան ու համագործակցութեան լաւագոյն աւանդոյթները: Ան ընդգծած է միջխորհրդարանական կապերու զարգացման կարեւորութիւնը, բարեկամական խումբերու աշխոյժ փոխգործակցութիւնը:

Հայաստանի մէջ Գանատայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպանը պատրաստակամութիւն յայտնած է նպաստելու հայ-գանատական խորհրդարանական յարաբերութիւններու առաւել խորացման, փոխայցերու աշխուժացման: Ճոն Ռոնալտ Քիւրի խօսքով` տարին իւրայատուկ է անոր համար, որ կը նշուի Հայաստանի եւ Գանատայի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25ամեակը:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ եղած է 2018ին Հայաստանի մէջ ֆրանսախօս երկիրներու գագաթնաժողովի իրականացման: Կարեւոր համարուած է համագործակցութիւնը կաշառակերութեան դէմ պայքարին, տեղեկատուական նոր ճարտարագիտութիւններու եւ այլ ոլորտներու մէջ: