Համազգայինի «Գուսան» Երգչախումբի Տարեկան Համերգը

This post was originally published on this site

Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղը քաջ գիտակցելով որ հայ երգն ու երաժշ­տութիւնը մեր ազ­գա­յին դի­մա­գի­ծը պահ­պա­նող կարեւորագոյն ազ­դակ­ներէն են, այս տարի եւս կազմակերպեց «Գուսան» երգչախումբի տարեկան համերգը, որ տեղի ունեցաւ Հոկտեմբեր 29ի երեկոյեան, «Համազգային» թատերասրահին մէջ, ղեկավարութեամբ՝ Հռիփսիմէ Թովմասեանի եւ դաշնամուրի ընկերակցութեամբ՝ Վանիկ Յովհաննիսեանի։

Թորոնթոյի մշակութասէր հանդիսատեսը, մօտաւորապէս 2 ժամ վայելեց հոգեպարար ելոյթ մը՝ մատուցուած 50 անդամներէ բաղկացած «Գուսան» երգչախումբին կողմէ։

Հանդիսատեսը մերթ յուզուած, մերթ խանդավառ եւ մերթ զուարթ, ունկնդրեց փունջ մը հայկական դասական եւ ժողովրդական  երգեր։ Երգացանկի առաջին բաժինը կը ներառէր «Ազգ Փառապանծ», «Դերիկօ», «Մայր Արաքսի Ափերով», «Եարիմօ», «Ծիրանի Ծառ», «Իմ Չինարի Եարը», «Ողբ Վասպուրականի», «Գարնան Երգը», «Կռունկներ», «Երեւան» երգերը, որոնք մեր երգարուեստի պանծալի երաժիշտներու գործերն են, ինչպէս՝ Առնօ Պապաճանեան, Կարօ Զաքարեան, Թաթուլ Ալթունեան, Կոմիտաս, Խաչատուր Աւետիսեան, Էտկար Յովհաննիսեան, Բարսեղ Կանաչեան եւ ուրիշներ։

Յայտագրի երկրորդ բաժինը նոյն ձեւով կարողացաւ ներթափանցել հանդիսատեսի հոգիին մէջ։ Իրարու յաջորդեցին «Ղարսա Բերդը – Զնգլօ», «Լուսնեակ Գիշեր», «Եաման Եար», «Ալագյազ – Քեզի Մեռնիմ», «Սարերի Հովին Մեռնեմ», «Նուպար Նուպար», «Հայրենի Կարօտ», «Երեւան», «Տուն իմ Հայրենի», «Երեւան Էրեբունի» եւ «Սարդարապատ» երգերը։

Ուշագրաւ էր մենակատար Մինէ Ծատուրեանի հիանալի կատարողականութիւնը «Տուն իմ Հայրենի» երգին, երգչախումբի դաշնակահար Վանիկ Յովհաննիսեանի մշակումով։ Մինէի գեղեցիկ ձայ­նի յու­զիչ ելե­ւէջ­նե­րը հանդիսատեսին մօտ հայ­րե­նա­սի­րա­կան  ապ­րում­ները փայ­փա­յեցին եւ սրահը թնդաց  բուռն ծափահարութիւններով։

Համերգի հայ հրաշալի ստեղծագործութիւններու սքանչելի ներդաշնակ կատարումը պատահական չէր, այլ ամբողջ մէկ տարուան երգչախումբի տարած աշխատանքի արդիւնքն էր, խմբավար Տիկ․ Հռիփսիմէի առաջնորդութեամբ եւ Պրն․Վանիկի ընկերկցութեամբ, որոնք բծախնդրօրէն եւ պարկեշտօրէն կը կատարեն հայ երգարուեստի պահպանման եւ զայն նոր սերունդներուն փոխանցելու ազնիւ ու վսեմ առաքելութիւնը։

Նաեւ մեծապէս գնահատելի է երաժիշտ Խաչիկ Բաբայեանի նուիրական աշխատանքն ու յարատեւ աջակցութիւնը՝ երգչախումբի համերգներուն յաջողութեան ի խնդիր։

Վարձքերնիդ կատար սիրելի Գուսանականներ։ Վարձքդ կատար Տիկ․ Հռիփսիմէ եւ Պրն․ Վանիկ։