Հայաստանի Մէջ Բողոքի Ցոյցերն ու Երթերը Վերսկսան

This post was originally published on this site

Երէկ երեկոյեան պարզ դարձաւ, որ այսօր Նիկոլ Փաշինեանի եւ Վարչապետի պաշտօնակատար Կարէն կարապետեանի միջեւ նախօրօք ծրագրուած բանակցութիւնները ջնջուած են։ Փաշինեան ժողոդուրդին կոչ ըրաւ դարձեալ դուրս գալու փողոց։

Այսօր առաւօտեան ժամը 11:00ին Երեւանի տարբեր փողոցներու մէջ սկսան բողոքի ցոյցերը։ «Յարգելի՛ ժողովուրդ, դուրս արի փողոց եւ տէր կանգնիր քո իրաւունքին, դուրս արի փողոց եւ տէր կանգնիր քո իրաւունքին եւ ուրեմն` ՀՀԿ հեռացիր»,-կոչ կ՛ընէին երթի մասնակիցները:

Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Հանրապետական կուսակցութիւնը եւ Կարէն Կարապետեանը կը փորձեն ժողովուրդին ձեռքէն խլել յաղթանակը։ «Մենք յստակ կը յայտարարենք, որ ատիկա թոյլ պիտի չտանք», – ըսաւ ան:

Ըստ անոր՝ հանրապետականները կ՛ուզեն Կարէն Կարապետեանը նշանակել վարչապետ` մտածելով, որ ժողովուրդը այնքան միամիտ է, որ կը համաձայնի մէկ հանրապետականը ուրիշ հանրապետականով փոխարինելուն:

«Վարչապետը պէտք է ընտրուի Ազգային ժողովի մէջ, օրէնքին համապատասխան պէտք է առաջադրուի Ազգային Ժողովի խմբակցութիւններուն կողմէ, իսկ մինչ այդ ժողովուրդը հրապարակի վրայ պէտք է համաձայնութեան տայ ոեւէ թեկնածուի»,- ըսաւ ան:

Ոստիկանութիւնը զիահամեքենաներով շրջապատած է Մելիք Ադամեան փողոցը, ուր կը գտնուի Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան գրասենեակը: Կառավարութեան շէնքը նոյնպէս խիստ հսկողութեան տակ առնուած է։

Քաղաքի կեդրոնի գրեթէ բորոր փողոցները փակուած են ցուցարարներու կողմէ։

Վանաձորի, Գիւմրիի, Իջեւանի  մէջ եւս բողոքի ցոյցեր տեղի կ՛ունենան՝ «ՀՀԿ հեռացի՛ր» կոչերով։

Միւս կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդէս եկած է յայտարարութեամբ՝ յայտնելով, որ Ապրիլ 25էն կը սկսի խորհրդակցութիւններ խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ուժերու ներկայացուցիչներու հետ՝ քննարկելու երկրի մէջ ստեղծուած վիճակը եւ անկէ դուրս գալու ուղիները: