Մշոյ Սուրբ Կարապետ Վանքի Դուռը Կը Գտնուի Գանատա՝ Մասնաւոր Հաւաքածուի Մը Մէջ

This post was originally published on this site

Նկարին մէջ Մշոյ Սուրբ Կարապետ վանքի երկփեղկանի փայտեայ դուռն է, ստեղծման տարեթիւը` 1312: Հայ կիրառական արուեստի այս գլուխգործոցը այժմ կը պահուի մասնաւոր հաւաքածուի մը մէջ, Գանատա: Աներեւակայելի արկածային ժանրի ֆիլմի մը նման Մշոյ Սուրբ Կարապետի դրան յայտնաբերելու իրական պատմութիւնը, որու մասին մանրամասն կը պատմէ  ճարտարապետութեան դոկտոր, երջանկայիշատակ Արմէն Հախնազարեանը իր յուշապատումին մէջ:

Փաստացի դուռը յայտնաբերած է Պոլիս բնակող գերմանացի արուեստագէտ Ռիխթըրը 1976ին: Ան գնած է այդ դուռը իր թուրք հարեւանէն, որ իր հերթին, ատկէ մէկ տարի առաջ, հանգամանքներու բերումով գտնուելով Մուշի քրտաբնակ հեռաւոր գիւղերէն մէկը, անսպասելի գտած ու մեծ դժուարութիւններով տեղափոխած է այդ դուռը Պոլիս:

Ռիխթըր Թուրքիոյ մէջ գերմանական դեսպանատան ունեցած իր կապերու շնորհիւ կրցած է այդ թանկարժէք եւ բացառիկ պատմական նմուշը հանել երկրէն եւ տեղափոխել Ֆրանքֆուրթ` Գերմանիա, ու պահած է իր տունը: Իսկ արուեստագէտին մահէն ետք` արդէն 1996ին, Մշոյ Սուրբ Կարապետի դուռը Լոնտոնի մէջ կը  դրուի աճուրդի եւ կը գնուի ընդամէնը 50 հազար տոլարով անյայտ անձի մը կողմէ: Յայտնի է միայն, որ ան ազգութեամբ հայ չէ: Եւ ատիկա այն պարագային, երբ աճուրդը նախապէս յայտարարուած եւ գովազդուած եղած է, ու հայերը պէտք է որ ամէն գինով ձեռք բերէին այդ` իրենց համար սուրբ ու անգին գանձը:

Ահա այսպիսի անհաւանական եւ տխուր պատմութիւն` կապուած Մշոյ Սուրբ Կարապետ վանքի դրան հետ` «Գարուն» ամսագիրէն (1997, թիւ 3): Ինչպէս կ՛ըսէր ֆրանսացի փիլիսոփայ Լարոշֆուքոն` «Մենք հեշտութեամբ կը մոռնանք մեր այն սխալները, որոնք յայտնի են միայն մեզի»:

Ռուբէն Շուխեանի ֆէյսպուքեան գրառումէն