«Բարեւ» Կեդրոնի Հպարտառիթ Բացումը

This post was originally published on this site

Պէթթի Փանոսեան


Գլխ․ նկար՝ "Բարեւ" կեդրոնի վարչութեան անդամներն ու պատուոյ հիւրերը

Տեսլականները շօշափելի իրականութեան վերածելը կ՛ենթադրէ անխախտ հաւատք, յարատեւ ջանք ու անսակարկ նուիրում, իսկ երբ այդ տեսլականին առաջնահերթ նպատակներէն մէկն է մշակոյթի ծիրէն ներս ծառայել ու նպաստել Հայրենիք-Սփիւռք կապի ամրապնդման, քայլ մը առաջ անցնելով՝ նոյն այդ տեսլականը կը վերածուի վսեմ առաքելութեան։ Ըստ արժանւոյն, տեղին է յիշել, թէ մշակութային, կրթական, ընկերային ու մարդասիրական ոլորտները ընդգրկող վերոյիշեալ տեսլական-առաքելութիւնը, արգասիքն է կեդրոնի հիմնադիր եւ նախագահ Տէր Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեանի եւ խումբ մը երիտասարդ անդամներու մտայղացման։

Ահա այսպիսի առաքելութեան մը մեկնարկին ականատեսը եղաւ թորոնթոհայութիւնը, երբ Կիրակի, Հոկտեմբեր 15ին Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ հովանիին ներքոյ տեղի ունեցաւ Գանատահայ Համայնքի Ծառայութիւններու «Բարեւ» Կեդրոնի հանդիսաւոր բացումը, հովանաւորութեամբ՝ Գանտահայոց Առաջնորդ Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանի։

Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Գանատահայոց Թեմի Փոխառաջնորդ Տէր Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեանի մատուցած Ս. Պատարագէն, ապա «Բարեւ» Կեդրոնի վարչութեան անդամ-անդամուհիներուն եւ կամաւորներուն տուած օրհնութենէն ետք, ներկաներուն իր պատգամը փոխանցեց Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեան: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ Պերճ Սրկ. Լուլէճեանին պարգեւատրումը՝ ՀՀ Երախտագիտութեան մետալով, Արցախին եւ Հայոց Բանակին մատուցած իր ծառայութիւններուն համար։

Պերճ Սրկ. Լուլէճեանի պարգեւատրումը՝ ՀՀ դեսպան Լեւոն Մարտիրոսեանի ձեռամբ

«Բարեւ» կեդրոնի բացման հանդիսութեան պատուոյ հիւրերն էին՝  Լեւոն Մարտիրոսեան՝ ՀՀ Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան, Ճոն Մըքքէյ՝ (Scarborough Guilwood) Դաշնակցային Խորհրդարանի անդամ, Միթզի Հանթեր՝ Օնթարիոյի Կրթութեան Նախարարուհի, Ճոն Թորի՝ Թորոնթոյի քաղաքապետ, Պերճ Րիչըրտ Սվազըլեան՝ ՀՀ Պատուոյ Հիւպատոս Օնթարիոյի մէջ, Սասուն Յովհաննիսեան՝ Երրորդ Քարտուղար Հիւպատոսական Հարցերով, Խորեն Մարդոյեան, Հայաստանի Զարգացման Հիմնադրամի ներկայացուցիչ Գանատայի մէջ, Արիս Պապիկեան՝ (Scarborough-Agincourt) Յառաջդիմական-Պահպանողական (Progressive-Conservative) կուսակցութեան Թեկնածու, Աբէթ Ալբայ՝ Թեմական Խորհուրդի ատենապետուհի, Օհան Օհաննեսեան՝ Սբ. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի ատենապետ, ինչպէս նաեւ` Թորոնթոյի Հայ համայնքի եկեղեցական, քաղաքական, բարեսիրական, կրթական եւ մշակութային կազմակերպութիւններու եւ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ։

"Բարեւ" կեդրոնի բացման ժապաւէնի հատումը կը կատարէ էլիզապէթ Տիրատուր

Ծխական Խորհուրդի ժողովասենեակէն ներս՝ պատուոյ հիւրերուն հայկական աւանդական հիւրասիրութեան մասնկացութենէն ետք, տեղի ունեցաւ «Բարեւ» կեդրոնի գրասենեակի բացման ժապաւէնի հատումը, գլխաւոր նուիրատու էլիզապէթ Տիրատուրի ներկայութեամբ, ի յիշատակ եղբօր՝ Կրէկըրի Տիրատուրի եւ ծնողներուն՝ եւ Սուրէն եւ Ազնիւ Տիրատուրի։ Տէր Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեանի կողմէ գրասենեակի վերանորոգութեան առընչութեամբ տրուած հակիրճ բացատրականէն եւ «Բարեւ» կեդրոնի վարչական անդամներուն եւ կամաւորներուն ուղղուած շնորհակալութեան  խօսքէն ետք, հիւրերը ուղղուեցան «Մակարոս Արթինեան» սրահ, ուր մեծ թիւով համակիրներ, անդամներ, կամաւոր ծառայողներ եւ հրաւիրեալներ, պատշաճ հիւրասիրութեան մասնակցելէ ետք, իրենց տեղերը գրաւած էին։ Ծափողջիւններու ընկերակցութեամբ յարգարժան հիւրերը գրաւեցին իրենց տեղերը, վայելելու համար նախատեսուած գեղարուեստական յայտագիրը։ Գանատայի եւ Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, սկիզբ առաւ գեղարուեստական յայտագիրը Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ Ազգ. Շաբաթօրեայ վարժարանի 6-7-8րդ կարգերու աշակերտներու հայրենասիրական, ոգեշնչող երգերով, ղեկավարութեամբ՝ վարժարանէն ներս երաժշտութեան դասատու Նաթա Նավասարդեանի։

«Բարեւ» կեդրոնի խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Գալթաքճեանի եւ ատենադպրուհի Սառա Շահմուրադեանի բարի գալուստի եւ բացման խօսքերէն ետք ներկաները մեծ հաճոյքով հետեւեցան «Բարեւ» կեդրոնի գործունէութիւնը բնորոշող տեսերիզի ցուցադրութեան, որմէ ետք «Կինտոներու պար»ով ելոյթ ունեցաւ «Սասուն» պարախումբը՝ արժանանալով հիւրերու ջերմ ծափահարութեան։

Յաջորդաբար բեմ հրաւիրուեցան Սբ. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Տէր Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան, ձեռնարկի հովանաւոր՝ Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Աբգար Եպս. Հովակիմեան, որոնք անդրադարձան Հայ Եկեղեցւոյ  ստանձնած դերին՝ որպէս մշակոյթի եւ ազգային արժէքներու պահապանող ու տարածող ազգային հաստատութիւն, նշեցին «Բարեւ» կեդրոնի ունեցած նպաստը Հայրենիքի հետ փոխ գործակցութեան ծիրէն ներս, ինչպէս նաեւ՝ նշանակալից ներդրումը Գանատայի բազմամշակութային խճանկարին մէջ։ ՀՀ Դեսպան Լեւոն Մարտիրոսեան ընդգծեց ունեցած իր հաւատքը՝ հանդէպ «Բարեւ» կեդրոնին։ Թորոնթոյի քաղաքապետ Ճոն Թորի, Օնթարիոյի Կրթութեան նախարարուհի Միթզի Հանթեր եւ Խորհրդարանի անդամ Ճոն Մըքքէյ խօսք առնելով՝ բարձր գնահատեցին Սբ. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ եւ հայ համայնքի բազմաթիւ ծառայութիւնները կրթական, մշակութային, ընկերային եւ յատկապէս մարդասիրական ծիրէն ներս եւ իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին «Բարեւ»ի մեկնարկին առթիւ մատնանշելով, որ վերոյիշեալ աշխատանքը շարունակութիւնն ու ընդլայնումն է այն գործընթացին, որ Գանատան յաջողութեան կը հասցնէ որպէս երկիր։

Աւարտին, տեղի ունեցաւ լուռ աճուրդ եւ նուէրներու բաշխում, որմէ ետք հանդիսավարները շնորհակալական յատուկ խօսք ուղղեցին կամաւոր ծառայողներուն եւ զանոնք հրաւիրեցին բեմ, առ ի գնահատանք իրենց նուիրումին։

Բարի երթ եւ յաջողութիւն կը մաղթենք «Բարեւ» կեդրոնին:

Photo credits: Harout Hagopian and Nare Shahmuradyan