Գանատայի Մէջ Նշուեցաւ ՀՄԸՄի 100ամեակը

This post was originally published on this site

ՀՄԸՄի Գանատայի ընտանիքը երեք ձեռնարկներով տօնախմբեց ՀՄԸՄի հիմնադրութեան 100ամեակը։  

Նոյեմբեր 22ին, Pearson օդակայանին մէջ Շրջանային վարչութիւնը եւ սկաուտներ դիմաւորեցին ՀՄԸՄի Կեդրանական Վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանը։

Նոյեմներ 24ին, ժամը 6ին Հայ Երիտասարդաց Կեդրոնին մէջ 300 օթարիոցիներու ներկայութեամբ մեծ շուքով նշուեցաւ ՀՄԸՄի 100ամեակը։ Ձեռնարկը սկսաւ  Սկաուտական տողանցքով եւ փողերախումբի (ֆանֆար) կատարումներով։ Տեղի ունեցաւ շքանշաններու տուչութիւն։ Ցուցադրուեցան երկու տեսաերիզներ, որոնցմէ մէկը պատրաստուած էր Գանատայի Շրջանային վարչութեա, իսկ միւսը` ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութիւնը եւ նուիրուած էին ՀՄԸՄի 100ամեայ գործունէութեան։

Այնուհետեւ խօսք առին Գանատայի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Լիոնի Սարմազեան, ապա գլխաւոր պատգամը փոխանցեց Գառնիկ Մկրտիչեան։ Ձեռնարկի գեղարուեստական բաժնին մէջ hայրենիքէն ժամանած երգչուհի Կապի Կալոյեան իր երգերով ճոխացուց մթնոլորտը։

Ներկաները ուղղուեցան Հայ Կեդրոն, ուր դարձեալ վայելեցին Կալոյեանի երգերը, ինչպէս նաեւ դիտեցին Արի-արենուշներու պատրաստած մարզական կատարումներ, ինչպէս նաեւ սահիկներով ցուցադրուեցաւ ՀՄԸՄի պատմութիւնը ներկայացնող լուսանկարներ։

Նոյեմբեր 25ին, նման եւ նոյն բովանդակութեամբ ոգեկոչման ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Մոնթրէալի մէջ։

Նոյենմբեր 26ին, Օթթաուայի մէջ ՀՄԸՄի պատասխանատուները այցելեցին ՀՀ դեսպանութիւն, ապա Խորհրդարանի կից ժողովասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն. Խորհրդարանի ամդամներու տրուեցաւ կարճ բացատրութիւն մը՝ Գանատայի ՀՄԸՄի պատմութեան մասին։ Ներկայացուեցաւ ՀՄԸՄի նպատակները եւ երիտասարդութեան համար նախատեսուած ծրագիրները։ Տեղի ունեցաւ նաեւ հիւրասիրութիւն մը, որու ընթացքին կարճ ելոյթներ ունեցան ներկաները, ինչպէս նաեւ Գանատայի Առաջնորդ Բաբգէն Արք. Չարեան։

Յաջորդող օրերուն, Գառնիկ Մկրտիչեան այցելեց ՀՄԸՄի մասնաճիւղերը։