Գերմանացիները Կը Ցանկան «Թումօ»ի Օրինակով Նորարար Արհեստագիտութիւններու Կեդրոն Ունենալ

This post was originally published on this site

 “Երկիրմեդիա”,- Գերմանիոյ թուային արհեստագիտութիւններու պետական նախարար Տորոթէա Պեր յայտարարած է, որ հայկական «Թումօ»ի նման կեդրոն բացուի նաեւ Գերմանիոյ մէջ:

Այս մասին կ՛ըսուի Reuters գործակալութեան յօդուածին մէջ, որ նուիրուած է Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի երեւանեան «Թումօ» կեդրոն այցելութեան:

Յօդուածին մէջ կը նշուի, որ Գերմանիոյ մէջ նորարար արհեստագիտութիւններու ուսուցումը այդքան ալ բարձր մակարդակի վրայ չէ: Երեխաներու համար առանձին նախաձեռնութիւններ կան, բայց «Թումօ»ի նման լայնածաւալ նախագիծ չկայ:

Նախարարին խօսքով` շատ գերմանացի երեխաներ տունը համակարգիչ ունին, սակայն ատիկա բաւարար չէ: Բացի այդ, ուսուցման նոր մեթոտը կ՛օգնէ յաղթահարելու կարծրատիպերը: Այդպէս, օրինակ, «Թումօ» կեդրոնին մէջ շատ աղջիկ աշակերտներ կան: