Հրանդ Մարգարեան. «Հայապահպանութիւնը Թերի Է, Եթէ Չի Գործեր Ազգային-Քաղաքական Կազմակերպուածութեամբ»

This post was originally published on this site

16 օգոստոսին ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասրդական գրասենեակին նախաձեռնութեամբ Ծաղկաձորի մէջ սկսած ՀՅԴ ԱՊՀ երկիրներու  ուսանողական բանակումին յաջորդ օրը` 17 օգոստոսին, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան դասախօսութեամբ մը ներկայացուց «Կազմակերպուածութեան անհրաժեշտութիւնը եւ սփիւռքի կազմակերպուածութեան կարեւորութիւնը» նիւթը:

«Սփիւռքի կազմակերպուածութիւնը անհրաժեշտ է, որպէսզի դուրսը հայը հայ մնայ, եւ աւելին` կարելիութիւն ունենայ հայ մնալու եւ օգնութեան միջոց դառնալու իր հայրենիքին համար: Հայաստանը բոլորիս հայրենիքն է, իսկ ատիկա կը նշանակէ, որ բոլորն ալ իրենց իրաւունքներն ու պարտականութիւնները ունին այդ Հայաստանին առջեւ», ըսած է Հ. Մարգարեան եւ աւելցուցած. «Հայապահպանութիւնը Հայաստանէն դուրս կը նշանակէ լողալ հոսանքին հակառակ ուղղութեամբ: Բայց այդ հայապահպանութիւնը թերի է, եթէ չի գործեր  ազգային-քաղաքական կազմակերպուածութեամբ»:

Անդրադառնալով աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ հայերու բողոքի կամ պայքարի դրսեւորումներուն` ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը շեշտեց. «Աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ մենք թուրք կամ ազրպէյճանցի ազգի դէմ չենք պայքարիր, մենք ցեղապաշտներ չենք: Մենք պարզապէս հայ ժողովուրդի քաղաքական պահանջները կը ներկայացնենք»: