Ներկայ Ըլլալ Տեղական Դատարան՝ Հայ Կեդրոնի Կողքին Բարձրայարկ Շէնքերու Կառուցման Ծրագիրին Դէմ Բողոքելու Համար

This post was originally published on this site

Սեպտեմբեր 24ին, առաւօտեան ժամը 10:00ին տեղական շինարարական նախագիծերու բողոքի դատարանին մէջ (Local Planning Appeal Tribunal – LPAT, 655 Bay Street, 16th floor Toronto) տեղի պիտի ունենայ Հայ Կեդրոնի կից 2450 Victoria Parkի տարածքին նոր շինարարութեան ծրագիրին մասին արձանագրուած բողոքներու դատական քննարկումը:

Հայ Կեդրոնի շինարարական ծրագիրին հետեւող յանձնախումբը հրապարակած է յայտարարութիւն մը` խնդրելով Կեդրոնի շրջապատի անդամներէն, որ ներկայ ըլլան այդ վճռական քննարկումին, որպէսզի կարելի ըլլայ նիստի ընթացքին ծրագիրին հանդէպ նախապէս Հայ Կեդրոնի կատարած առարկութիւնները բարձրաձայնել:

Այդ նպատակով յանձնախումբը ապահոված է սպասարկող հանրակառքի դրութիւն փոխադրամիջոցի դժուարութիւն ունեցողներուն համար: Հանրակառքը Հայ Կեդրոնէն պիտի մեկնի նոյն օրը առաւօտեան ժամը 9:00ին:

Յանձնախումբը կոչ կ՛ուղղէ Կեդրոնի շրջակայքի հայորդիներուն՝ մեծ թիւով ներկայ ըլլալ դատարանին մէջ, որպէսզի իր ներկայացուցած թեզերը տեղ գրաւեն վճռական որոշումին մէջ: