Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակի Համագաղութային Նշում Գանատայի Մէջ. Յայտարարութիւն

This post was originally published on this site

1918ի մայիսեան վճռորոշ յաղթանակներու վաղորդայնին հռչակուած Հա­յաս­տանի անկախ հանրապետութիւնը, կարճ ժամանակահատուածի մը մէջ իր բազմա­թիւ իրագործումներով, անջնջելի աւանդ թողած է մեր պատմութեան մէջ ու անժա­մանցելի է իր պատգամը հայկեան սերունդներուն։ Օրհասական պահու մը ընդմէջէն իր ծնունդով՝ Մայիսի 28ին վերականգնեցաւ հայոց պետականութիւնը, որ շուրջ ինն դարեր դադրած էր գոյութենէ՝ իր իսկ բնօրրան Հայկական Բարձրաւանդակին մէջ: Մեր պատմութեան վերջին ժամանակահատուածին կոթողուած այս պետականութիւնը պահեց ու տակաւին կը պահէ’ իր կենարար ներկայութիւնը մինչեւ այսօր:

Մէկ դար առաջ, Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուած հարիւր հազարաւոր գաղթականներով ծանրաբեռնուած եւ իր վրայ տարբեր ճակատներու վրայ պարտադրուած պատերազմներով ճնշուած՝ հայ ժողովուրդի առաջին ժողովրդավար հանրապետութիւնը կայացաւ բազում զոհողութիւններու գնով։ Յաղթական Սարդարապատէն մինչեւ Ղարաքիլիսա ու Բաշ Ապարան հայ ժողովուրդի միահամուռ ծառացումը, հիմնադիր սերունդի անմնացորդ նուիրումն ու կամքը, եւ վերջապէս՝ հայոց նորակազմ բանակի դիւցազնական սխրանքները քարտէսի վրայ ետ տեղադրեցին այն ինչը, որ մինչեւ օրս կը կոչենք ազատ ու անկախ Հայաստան:

Գանատայի մէջ գործող հայ ազգային երեք քաղաքական կուսակցութիւնները,– քաջ գիտակցելով, որ այսօրուան մեր անկախ հայրենիքը անվիճելի իրաւայաջորդն է 100 տարի առաջ կերտուած հանրապետութեան,– որոշած են պատշաճ շուքով եւ պաշտօնական հանդիսութիւններով նշել հայոց պատմութեան այս կարեւոր յոբելեանը։

Միանալով կայանալիք պետական եւ սփիւռքեան համահայկական հանդիսութիւններու ալիքին, այժմէն իսկ կոչ կ’ուղղենք Գանատայի մէջ գործող տարբեր կազ­մակերպութիւններուն եւ միութիւններուն համախմբուելու համագաղութային այս նա­խաձեռնութեան շուրջ՝ նշելու համար մեր լինելութեան դարձակէտը հանդիսացող սարդարապատեան խոյանքներուն եւ անոնց ծնունդ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ հայոց շարունակական պետականութեան հիմնադրման 100ամեակը։

Հայութեան պահանջատիրական դատին ծառայելու պատրաստ՝ կը գիտակցինք, որ հզօր Հայրենիքն ու յանձնառու Սփիւռքը, որպէս զիրար ամբողջացնող լրացուցիչ բաղադրիչներ, պիտի ամրագրեն հայութեան միասնակամ երթը եւ ամբողջական Հա­յաստանի կերտումի հաւատոյ հանգանակը։

ՍԴՀԿ Գանատայի Շրջան

ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէ

ՌԱԿ Գանատա