«Սասուն» ամառնային ճամբարի աւարտահանդէսը Վանգուվըրի մէջ

This post was originally published on this site

24 Յուլիս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Պըրնըպիի Micheal J. Fox թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վանգուվըրի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Հայ կեդրոնի կազմակերպած «Սասուն» ամառնային ճամբարի աւարտահանդէսը: Ներկայ էին Գանատայի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Բաբգէն Սրբազան Եպիսկոպոս Չարեանը, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հովիւ Հայր Հրանդ Վարդապետ Թահանեանը, Ս. Վարդան Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ hովիւ Տէր Գեղարդ Ա. Քհն. Կարապետեանը, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ ընկեր Վահէ Անտոնեանը, Հոգաբարձութեան անդամներ, միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ ծնողներ:

Հայկական մշակոյթին նուիրուած «Սասուն» ամառնային Ճամբարի աւարտահանդէսը մեր գաղութին ներկայացուց վանգուվըրահայ նոր սերունդին շնորհալի տաղանդներէն հոյլ մը, առիթ ընծայելով հայկական մշակոյթով արբենալու, ինչպէս նաեւ բոլորիս յիշեցնելով որ հայապահպանման մեր դժուարին պայքարին ամենէն ազդեցիկ զէնքերէն են հայկական մշակոյթի գոհարներուն պահմանումն ու անոնց սերունդէ սերունդ փոխանցումը. ահա այս սո՛ւրբ նպատակին ու գաղափարին իրագործումը վերածուեր է նուիրեալ առաքելութեան, որուն ձեռնամուխ եղած է «Սասուն» ամառնային ճամբարի յանձնախումբը:

16 պատանիներով սկսած «Սասուն» ճամբարը այսօր մօտաւորապէս 90 հոգի կը հաշուէ՝ 5-20 տարեկան: 2008-էն ի վեր, Թորոնթոյէն հրաւիրուած հմուտ ու փորձառու, Համազգայինի «Երեբունի» պարախումբի պարուսոյց Լոռի Նաճառեանը կը ղեկավարէ «Սասուն» պարախումբը, այս տարի օգնականներ ունենալով Արթիւր Գրիգորեանն ու Լիա Տէրտէրեանը:

Ճամբարին ընթացքին աշակերտներուն կը դասաւանդեն բազմամեայ աշխատանքային փորձ, մանկավարժական հմտութիւններ եւ կարողութիւններ ունեցող ուսուցիչներ, որոնք կը տիրապետեն ուսուցման նոր ոճերու եւ հնարքներու:

«Սասուն» ամառնային ճամբարը զարկ կու տայ ոչ միայն աւանդելու հայկական պարեր, այլ նաեւ հայ երգն ու երաժշտութիւնը՝ ղեկավարութեամբ Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի վարժարանի ուսուցչուհի տիկին Թալին Արթինեան Քէլէպօզեանի, որ բծախնդրօրէն երգ կը սորվեցնէ հայ պատանիներուն:

Ճամբարի առօրեան բաւականին աշխոյժ էր. կը սկսէր աղօթքով՝ Հայր Հրանդի առաջնորդութեամբ: Պարի դասերուն նաեւ զուգահեռ կ’ընթանային հայ երգի ու երաժշտութեան պահերը, ձեռային աշխատանքները, հայոց պատմութեան եւ կրօնի դասերը:

Այս տարի մասնակցողները այցելեցին ագառակ՝ պտղաքաղի, ունեցան ցուցադրութիւն Canadian Plaintarium-ի կողմէ եւ աւանդական դարձած ջրախաղը: Նաեւ «Սասուն» ճամբարը իր ամբողջ աձնակազմով այցելեց Վանգուվըրի Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանը:

Այս տարի յատկանշական էր Հայաստանի Հանրապետութեան անզուգական արուեստագէտ Արմէն Մարտիրոսեանի այցելութիւնը, որ դասաւախօսեց «Հայկական լարային գործիքներ»ուն մասին, Միքայէլ Շատարեւեանը դասաւախօսեց եւ դասաւանդեց «ճատրակի արուեստը», Լեւոն Սարգիսեանը դասախօսեց «Հայկական գորգերն ու անոնց ծագումը», ինչպէս նաեւ «Թորոնթոհայ»ի խմբագիր Կարին Սաղտըճեանը ներկայացուց «Լրագրութիւն» նիւթը «Արագած» եւ «Արարատ» խումբերուն: Ան աշխատանոցներու միջոցով նոյն խումբերուն հետ պատրաստեց եւ խմբագրեց «Սասուն» ճամբարի առաջին լրատուն, որ աւարտական ելոյթին ընթացքին տրամադրուեցաւ ներկաներուն:

Աւարտահանդէսին յատագիրը սկսաւ Հայաստանի եւ Գանատայի քայլերգներու երգեցողութեամբ:

Բացումը կատարուեցաւ Նանոր Մինասեանի (հայերէն) եւ Լարա Թէրզեանի (անգլերէն) հակիրճ խօսքերով, որոնք բարի գալուստ մաղթեցին ներկաներուն եւ բնութագրեցին ճամբարին գործունէութիւնը. այս տարի ճամբարը ամբողջութեամբ նուիրուած էր հայոց դիւցազն Սասունցի Դաւիթին, որ ներկայացուեցաւ Տէյվիտին պատմութեամբ, երբ ան «Սասուն» ճամբարէն տուն կը վերադառնայ եւ կը յայտնէ, թէ չ’ուզեր այլեւս ետ երթալ: Մեծ հայրը կը փորձէ խրախուսել զինք՝ յիշեցնելով իր նախնիներուն ոգին եւ իր անունին պատմութիւնը: Ան կը պատմէ Սասունցի Դաւիթին պատմութիւնը, որ բեմին վրայ կամաց-կամաց կեանքի կը կոչուի: Աւարտին Տէյվիտ կ’որոշէ վերադառնալ «Սասուն» ճամբար:

Ելոյթին ընթացքին ցուցադրուեցաւ տեսահոլովակ մը, որ կը դրուատէր «Սասուն» ամառնային Ճամբարին գործունէութիւնը:

Յայտագիրին աւարտին, «Սասուն» պարախումբը սրահը թնդացուց «Իմ Հայաստան» երգով:

«Սասուն» ամառնային ճամբարին տասնամեայ գործունէութեան առիթով յատուկ յուշանուէրով գնահատեց պարուսոյց օրդ. Լոռի Նաճարեանը:

Հանդիսութեան աւարտին Հայր Հրանդ Վարդապետ Թահանեան իր գնահատական խօսքը ուղղեց բոլոր ներկաներուն եւ ճամբարի աշակերտներուն:

Հանդէսին ներկայ թեմիս առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Բաբգէն Սրբազան Արքեպիսկոպոս Չարեան բարձր գնահատեց «Սասուն» Ճամբարի նիւթապէս եւ բարոյապէս սատարող բոլոր անհատները եւ իր հայրական օրհնութիւնը բաշխեց յանձնախումբին, մասնակցողներուն, ծնողներուն եւ ներկաներուն: Ան իր խօսքերուն մէջ ըսաւ. «Մենք Հայաստանն ենք, Մենք Արցախն ենք, «Սասուն» պարախումբը պէտք է շարունակէ պարել, մինչեւ որ օր մը պարէ մեր ազատագրուած հողերուն վրայ»: Ապա Հայր Հրանդ Թահանեանի «Սասուն» ամառնային ճամբարին ունեցած հնգամեայ ներդումին համար, Սրբազան Հայրը գնահատեց զինք յատուկ յուշանուէրով մը:

Հանդէսը վերջ գտաւ «Պահպանիչ»ով

Մեղրիկ Սիւլահեան Չափանեան

Նկարներ՝ Ռաֆֆի Չափանեանի