Սիրուշոյի պատմական համերգը Մոնթրէալի մէջ

This post was originally published on this site

Երեքշաբթի Յուլիս 4-ին, Մոնթրէալ ժամանեց աշխարհահռչակ հայ երգչուհի Սիրուշօն, ընկերակցութեամբ իր տնօրէնուհիին՝ Նունէ Խուրշուտեանի եւ գեղարուեստական ղեկավարուհի՝ Քրիստինա Աւագեանի։

 Նախքան համերգի թուականը, իրենց կեցութեան երեք օրերու ընթացքին, արուեստագէտն ու իր անձնակազմը առիթը ունեցան փորձեր կատարելու Համազգայինի Անի զոյգ պարախումբերուն եւ «Քնար» երգչախումբին հետ որոնք արդէն ամիսներէ ի վեր կը պատրաստուէին համերգի մասնակցութեան, հիմնուելով Սիրուշոյի տեսահոլովակներուն վրայ, եւ հետեւելով իրենց ղեկավարներու ցուցմունքներուն։

 Սիրուշոյի առաջին մենահամերգը Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ Յուլիս 7-ի երեկոյեան ժամը 8-ին, College Laval-ի Marcelin Champagnat սրահին մէջ։ Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան վարչութեան կողմէ, սակայն կարելի պիտի չ՚ ըլլար իրագործել առանց Հորիզոն Շաբաթաթերթի խմբագրութեան եւ յատկապէս խմբագիր ընկեր Վահագն Գարագաշեանի կատարած միջամտութեան եւ ճիգերուն։

 Բարի գալուստի խօսքով, ձեռնարկին բացումը կատարեց Համազգայինի ատենապետուհին ուր իր խօսքին մէջ ըսաւ թէ «Այսօր, Սիրուշոյի առաջին համերգով, Մոնթրէալի հայ համայնքը պատմական օր մը կ՚ապրի, եւ իբր վարչութիւն, ամէնէն մեծ գոհունակութիւնն էր տեսնել անցնող երեք օրերու ընթացքին, մեր պարախումբերուն եւ երգչախումբին անսահման խանդավառութիւնը, երբ առիթը ունեցան ձեռք ձգել՝ աստղի մը հետ բեմ բաժնելու փորձառութիւնը։

 Ամբողջ ելոյթի տեւողութեան, արուեստագէտը կախարդեց հմայելով 760 ներկաները իր ճոխ եւ բծախնդրօրէն մշակուած յայտագրով՝ ազգագրական, աշուղական եւ այժմեական երգացանկով, պարերով ու երգչախումբով։

Բացման պարը կատարեց Համազգայինի «Անի» պարախումբը իր բոբուրի պարով։ Համազգայինի «Քնար» երգչախումբը ընկերակցեցաւ երգչուհիին «301» երգով, իսկ զոյգ պարախումբերու տղաքը, իրենց այժմեական եւ աւանդական պարերու հմուտ շարժումներով թնթացուցին բեմը զարկ տալով Սիրուշոյի «Pregomesh», «Քէլէ Քէլէ», «Հու Հա», «Մհեր» եւ «Զարթօնք» երգերուն։ Իսկ աղջիկները իրենց նազ պարերով հարստացուցին բեմը «Կոզալ», «Շորորա» եւ «Էրօթաս» երգերով։

«Թամամ աշխարհ» երգին իր յատուկ մասնակցութիւնը բերաւ Մոնթրէալաբնակ յայտնի տուտուկահար՝ Վաղարշակ Ադամեանը։

 Աւարտին, երկար եւ յոտնկայս ծափողջուններէն ետք, բեմ բարձրացաւ ատենապետուհին եւ Համազգայինի վարչութեան անունով իր յատուկ շնորհակալութիւնները յայտնեց բոլոր անոնց որոնք սատարեցին սոյն ձեռնարկը յաջողութեամբ պսակելու գործին, սկսելով Սիրուշոյէն, որ ան կարողացաւ մէկ գիշերուան մէջ, մեզի փոխադրել Երեւանէն Կարս ու Անի, Սասուն ու Տէր Զօր եւ ամբողջ արեւմտեան հողեր։ Շնորհակալութեան շարքը շարունակեց բեմ հրաւիրելով Սիրուշոյին հետ ժամանած անձնակազմը, զոյգ պարախուբերու ղեկավարները՝ Էվա Հայրապետեան եւ Ճօ Աւագեան, «Քնար» երգչախումբի ղեկավար՝ Լորի Անթունեանը, եւ տուտուկահար Վաղարշակ Ադամեանը։ Յատկապէս շնորհակալութեան խօսք ուղղեց պարախումբի յանձնախումին ժրաջան աշխատանքին ու տոմսերու պատասխանատու՝ Սիլվի Մերճանեանին, եւ վերջապէս ներկաներուն, որոնք հաւատարմօրէն կը քաջալերեն Համազգայինի բոլոր ձեռնարկները բարձր գնահատելով վարչութեան անսակարկ աշխատանքը՝ հայ մշակոյթի պահպանման եւ Միութեան ոգին բարձր պահելու առաքելութեան մէջ։

Ներկաներն ու Սիրուշօն բարձր տրամադրութիւններով հրաժեշտ տուին անմոռանալի երեկոյին, ապագային դարձեալ տեսնուելու յոյսով։

«Սանահին» մասնաճիւղի վարչութիւն