Հայ Կեդրոնը կը ծառայէ Թորոնթոհայ գաղութին, համաշխարհային շարք մը միութիւններու ընդմէջէն, որոնց իւրաքանչիւրը ունի իր առանձնայատուկ բնոյթը եւ գործելադաշտը՝  երիտասարդական, երէցներու, ընկերային, կրթական, մշակութային, բարեսիրական, մարզական, սկաուտական, քարոզչական: Հայ Կեդրոնի հովանիին ներքոյ, այս միութիւնները կը գործեն նաեւ Թորոնթոյի մէջ եւ օգտագործելով կեդրոնի բազմաբնոյթ կառոյցի դիւրութիւնները՝ լաւագոյնս կը ծառայեն գաղութին:

Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան («Համազգային») Թորոնթոյի մասնաճիւղը հիմնուած է 1969ին, եւ նոյն տարուան դեկտեմբերին կազմակերպած է առաջին ձեռնարկը՝ նուիրուած Կոմիտաս Վարդապետին:

«Բարձրացի՛ր, Բարձրացո՛ւր» նշանաբանին հաւատարիմ, եւ ապագայ տիպար հայորդիներ պատրաստելու իր առաքելութեան համաձայն, ՀՄԸՄ Թորոնթոյի մասնաճիւղը կը գործէ մարզական եւ սկաուտական զոյգ թեւերով:

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ)

"Ռուբինա" Մասնաճիւղ

Հայ Օգնութեան Միութեան առաքելութիւնն է քաջալերել կրթութիւնը, մատուցել ընկերային ծառայութիւններ եւ նպաստել կանանց հեղինակութեան: ՀՕՄի Թորոնթոյի «Ռուբինա» Մասնաճիւղը իր 400է աւելի անդամներով եւ տասնեակ մը յանձնախումբերով, լայնածաւալ աշխատանք կը տանի:

1934ին, Գարեգին Նժդեհ, Գանատայի հարաւային Օնթարիոյի Սէնթ Գաթրինզ քաղաքին մէջ հիմնեց Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան առաջին մասնաճիւղը: Մինչեւ 1974, Հիւսիսային Ամերիկայի երիտասարդական միութիւնները կը վարուէին մէկ կեդրոնական վարչութեան կողմէ:

ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութիւն (ՀՅԴ ԳՊՄ)

“Ռոստոմ” Եւ “Գրիստափոր” Մասնաճիւղեր

ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութիւնը (ԳՊՄ) կը հանդիսանայ Գանատահայ պատանին կազմակերպող գլխաւոր ուժը, զանոնք զինելով հայեցի դաստիարակութեամբ եւ ազգային արժէքներով:

Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի Երէցներու Ընկերակցութիւնը Հայ Կեդրոնի ամենէն աշխուժ կազմակերպութիւններէն մէկն է:

«Հայ աշակերտը Հայօրէն կը մեծնայ միայն Հայ Դպրոցին մէջ» նշանաբանէն մեկնած, 1979 թուականին, Հայ Կեդրոնի երդիքին տակ, հիմը կը դրուի ՀՕՄի Ամէնօրեայ Վարժարանին՝ մանկապարտէզի երեք եւ նախակրթարանի երկու կարգերով:

Սուրբ Աստուածածին Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին հոգեւոր եւ ազգային կեանք կ’ապահովէ մեր գաղութի զաւակներուն համար, վառ պահելով Քրիստոնէական հաւատքի եւ հայութեան արժէքներու տէրը դառնալու գիտակցութիւնը:

Հայ Դատի յանձնախումբերը կը հետապնդեն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը և հատուցման հարցերը, Հայաստանի և Արցախի վերաբերող խնդիրներ, ինչպէս նաև Ջաւախքի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութիւնը:

«Նոր Հայ Հորիզոն» հեռուստաժամը կը սփռուի շաբաթական դրութեամբ, ամէն շաբաթ օր առաւօտեան ժամը 9ին, OMNI 1 կայանէն, Օնթարիոհայ գաղութին ներկայացնելով հայրենի եւ տեղական լուրեր, գաղութս հետաքրքրող եւ հայկական ժամանակակից նիւթեր, ...

Յառաջիկայ Ձեռնարկներ