Բարի Գալուստ Թորոնթոյի Հայ Կեդրոն

Հայ Կեդրոնը տունն է հայկական տարբեր կազմակերպութիւններու: Եկեղեցիով, դպորոցով, ամսաթերթով, հեռուստաժամով եւ գաղթականական գրասենեակով, աւելի սերտ կապեր կը հաստատէ Թորոնթոհայ գաղութի իւրաքանչիւր անդամի հետ:

«Հայ աշակերտը Հայօրէն կը մեծնայ միայն Հայ Դպրոցին մէջ» նշանաբանէն մեկնած, 1979 թուականին, Հայ Կեդրոնի երդիքին տակ, հիմը կը դրուի ՀՕՄի Ամէնօրեայ Վարժարանին՝ մանկապարտէզի երեք եւ նախակրթարանի երկու կարգերով:

Սուրբ Աստուածածին Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին հոգեւոր եւ ազգային կեանք կ’ապահովէ մեր գաղութի զաւակներուն համար, վառ պահելով Քրիստոնէական հաւատքի եւ հայութեան արժէքներու տէրը դառնալու գիտակցութիւնը:

Հայ Դատի յանձնախումբերը կը հետապնդեն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը և հատուցման հարցերը, Հայաստանի և Արցախի վերաբերող խնդիրներ, ինչպէս նաև Ջաւախքի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութիւնը:

«Նոր Հայ Հորիզոն» հեռուստաժամը կը սփռուի շաբաթական դրութեամբ, ամէն շաբաթ օր առաւօտեան ժամը 9ին, OMNI 1 կայանէն, Օնթարիոհայ գաղութին ներկայացնելով հայրենի եւ տեղական լուրեր, գաղութս հետաքրքրող եւ հայկական ժամանակակից նիւթեր, ...

«Թորոնթոհայ»ը լոյս կը տեսնէ 2005էն սկսեալ, ամսական դրութեամբ: Թերթը երկլեզու է եւ ունի լայն ընդունելութիւն, տարածում եւ հասողութիւն՝ գաղութէն ներս եւ դուրս:

Հորիզոնը պաշտօնաթերթն է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէին: Կը հրատարակուի 28 Մայիս 1979-էն ի վեր։

Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնը համաձայնագիրեր ստորագրած է Գանատայի Կառավարութեան հետ, օժանդակելու գաղութիս գաղթականական հարցերով:

Սպասվող իրադարձություններ