Թորոնթոյի ՀՕՄի Ամենօրեայ Վարժարանի Տարեմուտ

This post was originally published on this site

Թորոնթոյի ՀՕՄի Ամենօրեայ Վարժաանի Տարեմուտ։ Սեպտեմբեր 4ին, ՀՕՄի «Ռուբինա» մանկամսուրի, «Պապայեան» մանկապարտէզի, «Գոլոլեան» նախակրթարանի եւ «Լափոյեան» երկրորդականի 2018-2019 տարեշրջանը սկսաւ շուրջ 640 աշակերտներով։ Տէրունական աղօթքով, Գանատայի եւ Հայաստանի քայլերգներով բացումը կատարելէ ետք, խօսք առաւ վարժարանի տնօրէն Րաֆֆի Սարգիսեան, որ նշեց, թէ վարժարանը իր 40րդ տարեշրջանն է, որ կը թեւակոխէ։

Ինչպէ նաեւ սրտի խօսք արտասանեց Եկեղեցւոյս հովիւ Հայր Գեղարդ՝ յաջող եւ ապահով տարեշրջան մը բարեմաղթելով բոլորին, շեշտեց, թէ պատիւ եւ պատասխանատուութիւն է ունենալ նմանօրինակ ամենօրեայ Հայ Վարժարան մը, որ Օնթարիօ նահանգին մէջ միակն է, իսկ համա-Գանատական մասշտապով՝ երկու ամենօրեայ վարժարաներէն մին։

Յաջող եւ օրհնեալ տարեշարջանի մը համար աղօթքներ մատուցեցին Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան եւ Եղիա Ծ. Վրդ. Գիրէճեան։