Թորոնթոյի Քաղաքապետը Ընդունած է Գանատայի Մէջ Հայաստանի Դեսպան Լեւոն Մարտիրոսեանը

This post was originally published on this site

Գանատայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Լեւոն Մարտիրոսեան Նոյեմբեր 13-ին հանդիպած է Թորոնթոյի քաղաքապետ Ճոն Թորիի հետ:

Ողջունելով ՀՀ դեսպանը Թորոնթոյի մէջ` քաղաքապետը վստահութիւն յայտնած է, որ վերջինիս աշխատանքի արդիւնքով աւելի խոր զարգացում պիտի ապրեն ինչպէս հայ-գանատական յարաբերութիւնները, այնպէս ալ համագործակցութիւնը Թորոնթօ քաղաքին հետ:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար` դեսպան Մարտիրոսեան նշած է, որ ջանք պիտի չխնայէ ինչպէս երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման, այնպէս ալ երկու երկիրներու միջեւ ապակեդրոնացուած համագործակցութեան խորացման ուղղութեամբ նոր արդիւնքներ արձանագրելու համար:

ՀՀ դեսպանն ու Թորոնթոյի քաղաքապետը քննարկած են իրականացման փուլի մէջ գտնուող քանի մը կարեւոր նախագիծերու ընթացքը, մտքեր փոխանակած Թորոնթոյի եւ Երեւանի միջեւ ծաւալող փոխգործակցութեան վերաբերեալ եւ նախանշած յետագայ համագործակցութեան ուղղութիւնները: