Սփիւռքի Նախարարութիւնը Հայրենադարձութեան Ծրագիր Կը Մշակէ

This post was originally published on this site

«Ազատութիւն»․- Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութիւնը ծրագրած է 2018ին ձեռնարկել հայրենադարձութեան մասին հայեցակարգ ու  օրէնք մշակել: Այս մասին տեղեկացուց սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան՝ պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք իրատեսական կը համարէ՞ նախագահ Սերժ Սարգսեանի՝ 2040ին 4 միլիոն բնակիչ ունենալու տեսլականը:

Յակոբեան յայտնած է, որ պէտք է մանրակրկիտ ուսումնասիրել, թէ ինչպէ՛ս կարելի է մարդիկ շահագրգռել՝ Հայաստան գալու, այստեղ աշխատելու եւ ապրելու համար:

«Ես կը կարծեմ, որ եթէ հանրապետութեան նախագահը յայտարարած է, ուրեմն նաեւ հաշուարկներ, մօտեցումներ, ճշգրտումներ կատարուած են: Ինչ կը վերաբերի Սփիւռքին՝ մեքանիկական աճի առումով, ոչ միայն բնական աճի առումով, մենք 2018ին նախատեսած ենք հայրենադարձութեան նախապատրաստական աշխատանքները, մենք, փաստօրէն, պիտի մշակենք հայեցակարգ, ուսումնասիրած ենք ուրշներու փորձը, պիտի մշակենք օրէնք հայրենադարձութեան մասին, մասնագիտական հայրենադարձութեան համար կը փորձենք աշխատանքներ իրականացնել», ըսած է Յակոբեան:

Ըստ սփիւռքի նախարարին, հայրենադարձութեան համար հայրենասիրութիւնը բաւարար չէ:

«Մենք պէտք է կարենանք Հայաստանի հնարաւորութիւնները ներկայացնել՝ ի՞նչ կրնանք իրենց առաջարկել, ինչպիսի՞ մասնագէտներու կարիք ունինք, որո՞նց մենք պէտք է հրաւիրենք, պայմաններ ստեղծենք: Եթէ անոնք այնպիսի մասնագէտներ են, որոնք պէտք են Հայաստանին եւ Հայաստանի մէջ նման մասնագէտներ կա՛մ չկան, կ’ա՛մ քիչ են, ի հարկէ, պէտք է մտածել անոնց համապատասխան աշխատավարձ տալու մասին, պայման ստեղծելու մասին, որ մարդը գայ: Միայն հայրենասիրութեան դրդումով գայ, կանգնի փողոցը, ատիկա հայրենադարձութիւն չըլլար: Հետեւաբար որոշ պայմաններ մենք պէտք է առաջարկենք: Իւրաքանչիւր նախարարութիւն պէտք է իր հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ առաջարկներ ներկայացնէ եւ մենք փորձենք ընդհանրացնել, ի մի բերել: Լուրջ բան է նախապատրաստական, կազմակերպչական աշխատանքները հայրենադարձութեան»: