Օր 8րդ ․ Ցուցարարները Կը Փակեն Փողոցներ եւ Կամուրջներ

This post was originally published on this site

Ցուցարարները՝ «Իմ քայլը» նախաձեռնութեան ղեկավար, «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցության առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեանի գլխավորութեամբ՝ 8րդ  օրը ըլլալով շարունակեցին իրենց գործողութիւնները։

Երեկուան հանրահաւաքի ժամանակ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած էր, որ  այսօր Երեւանի փողոցները բեռնատարներով պիտի շրջափակուենցաւ լու մա։

Ապրիլ 20ի առաւօտեան բողոքի դուրս ելած ցոյցարարներուն երթը սկսան «Կիւլպէնկեան» փողոցէն: Անոնց միացաւ Նիկոլ Փաշինեանը։  Քայլերթը շարունակեցաւ տարբեր ուղղութիւններով․ Կոմիտասէն դէպի Զէյթուն եւ Ազատութեան պողոտայ, իսկ խումբ մը ցուցարաներ՝ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ՝ հասան Դաւթաշէնի վարչական շրջան։ Մէկ այլ խումբ երիտասարդներ քայլերթով շարժուեցան Խանջեան փողոցէն դէպի Արշակունեաց պողոտայ, ուր ցուցարարներուն միացան «Սինոփսիս» եւ այլ ընկերութիւններու աշխատողներ։

Հակառակ յորդառատ անձրեւին, ցուցարարները քաղաքի տարբեր հատուածներու մէջ շարուանակեցի քայլերթով եւ մեքենաներով փակել փողոցներն ու կամուրջները։

Քիեւեան փողոցի վրայ երեք մեծ բեռնատար հորիզոնական դիրքով փակեցին երթեւեկութիւնը։ Վարորդները մարելով իրենց մեքենաներուն շարժիչները, միացան Փաշինեանին։

Ցուցարարներու յորդորներով՝ ամբողջ քաղաքին մէջ ժամեր շարունակ լսուեցան մեքենաներու ազդանշաններու ձայներ։

Ոստիկանական ուժերը փորձեցին արգիլել եւ խոչընդոտել երթերն ու փողոց փակելու գործողութիւնները։ Ըստ ոստիկանութեան տարածած հաղորդագրութեան՝ ժամը 15:30ի դրութեամբ Երեւան քաղաքի ոստիկանական տարբեր բաժանմունքներ տարուած են 183 քաղաքացիներ:

Ոստիկանութիւնը յայտատարեց,  որ  մեքենաներով բանուկ փողոցները փակելու գործողութիւնները կը վտանգեն երթեւեկութեան մասնակիցներու կեանքը ։Ան կոչ ուղղեց ցոյցի կազմակերպիչներուն՝ մայրաքաղաքի բնակիչներու կեանքն ու առողջութիւնը վտնագող գործողութիւններէ խուսափելու նպատակով հաւաքները տեղափոխելու այնպիսի տարածքներ, ուր կը բացառուին իրաւախախտումները, հնարաւորութիւն կու տան Ոստիկանութեան աջակցութիւն ցուցաբերել հաւաքին եւ ապահովել վերջինիս մասնակիցներուն ավտանգութիւնը:

Քաղաքական գետնի վրայ, այսօր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա․ ժամանեց Հայաստան։ Ան Պէյրութի օդակայանին մէջ տուած հարցազրոյցի ժամանակ իր մտահոգութիւնը յայտնեց վերջին օրերուն Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող զանգուածային ցոյցերուն առնչութեամբ։

Արամ Ա․ անհրաժեշտ համարեց, որ խնդիրներն ու մտահոգութիւնները քննուին եւ լուծման ուղիներ որոնուին նախագահին հովանաւորութեամբ եւ մեր ժողովուրդը ներկայացնող բոլոր ուժերուն միասնական ճիգով։

Երեւանի մէջ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ․ի, Արամ Ա․ի եւ Սերժ Սարգսեանի հանդիպում ժամանակ Գարեգին Ա․ յայտնեց, որ իրենք կ՛աղօթեն, որպէսզի աստիճանաբար այս իրավիճակը հանդարտի, խաղաղի, եւ մարդիկ լծուին մեր հայրենաշինութեան, մեր երկրի անվտանգութեան նուիրական գործին։

Արամ Ա․  յորդորեց, որ պէտք է ստեղծուած իրավիճակէն դուրս գալ փոխադարձ հասկացողութեամբ,  միասնական ճիգով լուծման ճամբաներ որոնելով։ «Հարցեր կան, բնականաբար, բայց այդ հարցերու մասին պէտք է խօսինք, փոխադարձ սիրոյ, յարգանքի սահմաններու մէջ», ըսաւ ան: