Արցախի Մէջ Մեծ Շուքով Կը Նշեն Անկախութեան Հռչակման 26-րդ Տարեդարձը (լուսանկարներ)

This post was originally published on this site

«Արցախփրես»․- Արցախի անկախութեան հռչակման 26-րդ տարեդարձի տօնական ձեռնարկներու շարքը այսօր սկսաւ դեռ առտու կանուխէն:

Մայրաքաղաքին մէջ առաւօտեան սկսաւ մարդոց հոսքը դէպի Ստեփանակերտի յուշահամալիր, ուր ծաղիկներ եւ ծաղկեպսակներ դրուեցան Յաղթանակը խորհրդանշող յուշաքարի պատուանդանին:

Տօնին առիթով Արցախ ժամանած են բազմաթիւ հիւրեր տարբեր երկիրներէ: Աշխատանքային այցով Արցախ գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան, պետական եւ զինուորական բարձաստիճան այրեր ժողովուրդի հետ միասին Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակէն ոտքով ուղեւորուեցան մինչեւ քաղաքային յուշահամալիր:

Հայկական երկու պետութիւններու բարձագոյն ղեկավարները ծաղիկներ եւ ծաղկեպսակներ խոնարհեցին քաղաքային յուշահամալիրին եւ հարեւանութեամբ գտնուող Արցախեան ազատամարտի ընթացքին զոհուած ազատամարտիկներու, ազգային ժողովի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեանի շիրիմներուն: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ Պաշտպանութեան բանակի պատուոյ պահակախումբի հանդիսաւոր քայլերթը:

Նշենք, որ այսօր Արցախի բոլոր շրջաններուն մէջ կը կազմակերպուին բազմաբնոյթ տօնական ձեռնարկներ, իսկ երեկոյեան Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ տեղի պիտի ունենայ տօնական համերգ, որ պիտի աւարտի հրավառութեամբ: