Գանատահայերը մասնակից «Դուն ինչ կ՛ընես Արցախի համար» Սփիւռքի նախարարութեան ծրագրին

This post was originally published on this site

Օգոստոս 23-ին «Հորիզոն»ի խմբագիր Վահագն Գարագաշեան հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարար տիկ. Հրանուշ Յակոբեանի հետ նախարարութեան շէնքին մէջ։ Հանդիպման ընթացքին նախարարուհիին հետ քննարկուեցան Հայաստան-Սփիւռք-Արցախ յառաջիկայ խորհրդաժողովի ծիրէն ներս հարցեր ինչպէս նաեւ նախարարութեան անմիջական հովանաւորութեան տակ իրականանալիք «Հորիզոն»ի կազմակերպած «Արցախ-2017» շրջապտոյտին առնչուող հարցեր։

Նշենք, որ Սփիւռքի նախարարութեան «Դուն ինչ ըրած ես Արցախի համար» համազգային կոչին ընդառաջելով, «Հորիզոն»ի նախաձեռնութեամբ 30 գանատահայ զբօսաշրջիկներ ներկայ պիտի ըլլան Սեպտեմբեր 2-ի Արցախի անկախութեան հանդիսութեանց Ստեփանակերտի մէջ։