Կոչ՝ Թորոնթոյի Մէջ Բնակող Լիբանանահայ Մեր Հայրենակիցներուն

This post was originally published on this site

Լիբանանի Խորհրդարանական յառաջիկայ ընտրութիւններուն առ ի պատրաստութիւն, Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնը ձեռնարկած է լիբանանցի քուէարկողներու ելեկտրոնային արձանագրութեան աշխատանքին, այդ ճամբով ապահովելու համար ձեր քուէարկելու իրաւունքը:

Ներկայացէք Հայ Կեդրոն Երկուշաբթի, Երեքշաբթի, Հինգշաբթի եւ Ուրբաթ, երեկոյեան ժամը 7:30-9:30 կամ Կիրակի առաւօտեան ժամը 11:00-13:00, ձեր հետ ունենալով Գանատական եւ Լիբանանեան Փաստաթուղթերը:

Արձանագրութիւնները պիտի աւարտին Նոյեմբեր 20ին:

ԶՕՐԱԿՑԻ՛ՆՔ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԵՐ ՀԱՅՐԵՆԱԿԻՑՆԵՐՈՒՆ, ՈՐՊԷՍԶԻ ԱՄՐԱԳՐՈՒԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՒ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՄԷՋ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՄԵՐ ԿՌՈՒԱՆՆԵՐԸ։

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կապուիլ՝

  • Սարգիս Աղպաշեանին՝ 416 201-2623
  • Վիվիան Գըլըպոզեանին՝ 416 876-4403