Մինչեւ 2040 Հայաստանի Բնակչութիւնը 4 Միլիոնի Հասցնելու Համազգային Նպատակը Դժուար է, Բայց՝ Իրականանալի. Նախագահ Սարգսեան

This post was originally published on this site

ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեան Նոյեմբեր 8ին կազմակերպած էր հանրապետութեան ժողովրդագրական խնդիրներուն նուիրուած խորհրդակցութիւն, որուն մասնակցած են վարչապետը, կարգ մը նախարարներ, պատգամաւորներ, պետական պաշտօնեաներ։

Խորհրդակցութեան ընթացքին ըստ բնագաւառներու ներկայացուած եւ քննարկուած են Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդագրական հիմնական խնդիրները եւ իրավիճակի բարելաւման կարելիութիւնները, անդրադարձ կատարուած է պետական քաղաքականութեան թիրախաւորման հիմքը կարեւորուող` երկրի ժողովրդագրական իրավիճակին վրայ ազդող հիմնական գործօններուն, առաջնահերթութիւններուն եւ անոնց հիման վրայ իրականացուելիք միջոցառումներուն, ինչպէս նաեւ թիրախային նպատակին հասնելու խթաններուն:

Խորհրդակցութեան սկիզբը հանրապետութեան նախագահը ընդգծած է, որ մինչեւ 2040 Հայաստանի բնակչութիւնը 4 միլիոնի հասցնելու համազգային նպատակը դժուար, բայց իրականանալի խնդիր է: Նախագահը յաղթահարելի նկատած է նաեւ ժողովրդագրական իրավիճակին վրայ այսօր բացասաբար ազդող` Հայաստանի հետ դրացիներուն ունեցած յարաբերութիւններուն պատճառով առկայ  անվտանգութեան խնդիրները:

Նախանշուած նպատակին հասնիլը, նախագահ Սարգսեանի համոզումով, պէտք է ըլլայ Հայաստանի բոլոր իշխանութիւններուն խնդիրը, եւ 2040էն ետք ալ ժողովրդագրական իրավիճակի շարունակական բարելաւումը պէտք է նոյնչափ կարեւոր նկատուի:

Խորհրդակցութեան հիման վրայ հանրապետութեան նախագահը տուած է շարք մը յանձնարարականներ. մասնաւորապէս` կառավարութեան յանձնարարուած է մշակել Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդագրական իրավիճակի (մինչեւ 2040) բարելաւման ռազմավարական հիմնադրոյթները, արտացոլել զանոնք մինչեւ 2030 Հայաստանի զարգացման ռազմավարութեան մէջ` սահմանելով համապատասխան բաղադրիչներ եւ 5ամեայ թիրախներ հետագայ ծրագիրներու մշակման ու իրականացման համար: Ընդգծուած է, որ կառավարութեան կողմէ մշակուող բոլոր ռազմավարական ծրագիրները պէտք է անդրադառնան ժողովրդագրական իրավիճակին` հիմք ընդունելով կառավարութեան կողմէ հաստատուած ժողովրդագրական իրավիճակի բարելաւման մինչեւ 2040ի  ռազմավարական հիմնադրոյթներն ու այդ պահուն գործող համապարփակ ռազմավարական ծրագիրի մօտեցումները: