Սուրիահայութեան Վերականգնումի Խնդիրը
This post was originally published on this siteՀայաստան-Սփիւռք Համահայկական 6րդ Համաժողովին «Հայապահպանումի Հիմնախնդիրներ» Ուղղութեան Վերջին Նիստին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին Խօսքը
1.- Այս վերնագիրին տակ պիտի փորձեմ համաժողովին մասնակցող ազգակիցներուս ներկայացնել վերիվայրումներով ու պատերազմական գործողութիւններով յատկանշուած տարածաշրջանի մը մէջ գտնուող սուրիաբնակ սուրիահայ համայնքի արտակարգ իրավիճակէն դուրս գալու եւ վերականգնելու դժուարին խնդիրին մեր այսօրուան պատկերացումը:
2.- Աշխարհին եւ մարդուն գոյատեւումին ու երկարակեցութեան մէջ, ըստ երեւոյթին, գոյութիւն ունին ներքին օրինաչափութիւններ կամ տրամաբանութիւններ, որոնք բնութեան տարրերն ու բանաւոր էակները կը մղեն խանգարուած, քանդուած կամ կործանուած վիճակներէն դուրս գալ` վերականգնիլ կամ վերանորոգուիլ: Նորոգուելու պահանջը բնութեան մէջ բնական, իսկ մարդուն մէջ գիտակցական իրականութիւն մըն է: Այս իմաստով յարութեան եւ անմահութեան գաղափարներն ու հաւատքը վերականգնումին հասնելու մարդկային մտածողութեան բարձրագոյն գիտակցութիւններն են:
3.- Վերականգնումը` վերանորոգումը, վերակառուցումը, վերաշինումը, սովորաբար բան մը իր նախնական ու սկզբնական վիճակին կամ ձեւին մէջ կանգնեցնելը կամ վերադարձնելն է: Աստուածաշունչ մատեանը կ՛արձանագրէ. «Հին աւերակները պիտի շինեն, առաջուան կործանուածները պիտի կանգնեցնեն, աւերուած քաղաքներն ու շատ դարերէ ի վեր աւերակ մնացածները պիտի նորոգեն» (Ես 4): Նորոգութեան հոգին մեզի կը տրուի Արարիչէն. «Հոգիդ կը ղրկես… եւ աշխարհը կը վերանորոգես» (Սղ 104.30) կամ` «Տիրոջ ապաւինողներուն ուժը պիտի նորոգուի» (Ես 40.31):
4.- Արդարեւ, Սուրիոյ տագնապին առնչութեամբ թեր եւ դէմ կարծիքներ գոյութիւն ունին, սակայն ռազմաքաղաքական գործընթացը իր ծրագիրը իրագործելու վրայ է: Մեզի համար մէկ իրականութիւն յստակ է. սուրիահայութիւնը յայտնուեցաւ սուրիական պատերազմական փոթորիկին մէջ եւ կրեց մարդկային բազմաթիւ կորուստներ ու բազմատեսակ աւերածութիւններ: Աստիճանաբար նուազեցաւ համայնքին թիւը: Ունեցաւ երկրէն ներս աւելի ապահով նկատուած վայրեր տեղափոխուածներ, յետոյ` Լիբանան եւ Հայաստանի Հանրապետութիւն ժամանակաւոր թէ մնայուն հանգամանքով մեկնածներ, մինչեւ իսկ` եւրոպական, ամերիկեան եւ աւստրալիական ցամաքամասեր մեկնածներ:
5.- Ընդունելով մարդկային ամենակարեւոր իրաւունքներէն ազատութեան սկզբունքը, կարելի չէ ոեւէ անձի կամ ընտանիքի հաւասարապէս պարտադրել մնալ կամ մեկնիլ: Մարդիկ իրենք կը կատարեն եւ կատարեցին ընտրութիւնը, սակայն համայնքային հաւաքական ղեկավարութիւնը պարտաւոր էր եւ է անոնց կեցութիւնը ապահովել ամէն իմաստով, իսկ մեկնողին` ճանապարհ ցոյց տալ դէպի հայրենիք: Ատկէ անդին` անհատական նախասիրութեան ու պատասխանատուութեան կը վերաբերի:
6.- Սուրիոյ տագնապին մէջ սուրիահայութեան միասնականութիւնն ու միասնական ճիգերը դրսեւորուեցան «Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմինին» մէջ: Սուրիահայերը, աշխարհացրիւ ազգակիցներու անվերապահ զօրակցութեան շնորհիւ, կարելիութիւնը ունեցան տագնապին մէջ անգամ պահել համայնքն ու համայնքային կառոյցները, վեց տարիներ շարունակ:
7.- Երբ սուրիահայութեան մայրաքաղաքը` Հալէպը, ընդամէնը տասը ամիսներ առաջ վերագտաւ իր խաղաղութիւնը, ինչպէս որ յաջորդաբար վերաազատագրուած էին Սուրիոյ հայահոծ կարգ մը շրջանները, սուրիահայերը շտապային դրութենէն դուրս գալու ընթացքին մէջ մտան եւ այդ պատճառով, եթէ ՍՇՕՎ մարմինը նախապէս կը մտածէր հետագային կատարելիք վերականգնումի մասին, այսօր արդէն իր անուանումէն սկսեալ` «Սուրիահայութեան վերականգնումի մարմին», մինչեւ վերականգնումի առաջնահերթութեանց յստակացումն ու թղթածրարներու պատրաստութիւնը, մեծաւ մասամբ մշակած կամ մշակման ընթացքին մէջ է:
8.- Սուրիահայութեան վերականգնումի կոչն ու ամենալուրջ նախաձեռնութիւնը կատարուեցաւ 2017ի առաջին օրերուն, երբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը հովուապետական պատմական այցելութիւն տուաւ Սուրիա, Հալէպէն կատարեց «Դէպի վերականգնում» կոչն ու վերականգնումի յստակ պատկերացումը: «Վերականգնում ըսելով` սոսկ քանդուածը վերականգնել կամ վնասուածը վերաշինել պէտք չէ հասկնալ… վերակազմակերպել մեր համայնքային կառոյցները եւ վերանորոգել մեր հաւաքական կեանքը»:
9.- Սուրիահայեր, թէեւ փոքր թիւերով, սկսան վերադառնալ մասնաւորաբար Հալէպ եւ իրենց բնակարաններն ու գործատեղիները վերաբանալու աշխատանքներ կը տանին: Այս միջոցին ՍՇՕՎ մարմինը վերականգնումի յատուկ նախագիծ սկսաւ մշակել, ուր ներառուած են համայնքային, կրթական, միութենական կառոյցներու սերտողութիւնները: Աշխատանքային առաջին համագումարը կայացաւ Անթիլիասի մէջ (Շաբաթ, 29 Ապրիլ 2017ին) եւ մասնագիտական ուսումնասիրութիւններ մէկ կողմէ, վերաշինութեան աշխատանքներ` միւս կողմէ, թէեւ դանդաղ, սակայն յստակ պատկերացումով կը յուսանք եւ կը հաւատանք, որ անփորձանք յառաջ պիտի երթան: Թող մեր լաւատեսութիւնը ամրագրուի իրատեսութեամբ:
10.- ՍՇՕՎ մարմինին վերականգնումի ծրագիրներուն մէջ նկատի առնուած առաջնահերթութիւններն են.
ա) Սուրիաբնակ կամ վերադարձող ազգակիցներուն բնակարանները եւ գործատեղիները նորոգել ու գործածութեան մէջ դնել,
բ) Փոքր եւ միջին տնտեսութիւն նախաձեռնող ծրագիրներուն օժանդակութիւններ տրամադրել,
գ) Կրթական հաստատութեանց` հայկական դպրոցներու վերաշինութիւնը եւ վերանորոգութիւնը կատարել,
դ) Եկեղեցիներն ու համայնքային կեդրոնները նորոգելէ ետք վերաբանալ,
ե) Յոյժ կարիքաւորներուն շարունակել նիւթական տարբեր օժանդակութիւններ տրամադրել,
զ) Կրթական օժանդակութիւններ ապահովել` ուսուցիչներուն եւ աշակերտութեան, բաց պահելու համար հայ դպրոցը եւ շարունակելու հայակերտումի ու հայեցի դաստիարակութեան նուիրական առաքելութիւնը:
11.- Վերականգնումի իրագործման անհրաժեշտ նախապայմաններն ու նախատուեալներն են.
ա) Ռազմական գործողութեանց դադարումը եւ քաղաքական համաձայնութիւնները` նպատակ ունենալով ամբողջական խաղաղութեան վերահաստատումը ամբողջ երկրի տարածքին. ասոնք կ՛երաշխաւորեն վերականգնումը Սուրիոյ եւ անոր մէջ` սուրիաբնակ սուրիահայութեան,
բ) Համայնքի վերականգնումի սերտողութեան ամբողջական ծրագիրի հրապարակումը կատարել` հայկական թէ օտար շրջանակներուն ծանօթացնելու միտումով,
գ) Վերաշինութեան իրականացման համար դրամահաւաքի կազմակերպում` ըստ ծրագիրներու, եւ նիւթական օժանդակութեանց տրամադրում, ինչպէս` շտապ կացութեան ընթացքին համահայկական աջակցութիւններ տեղի ունեցան, նոյնպէս ալ այսօր վերանորոգման նպատակով ներդրումներ կատարել համայնքի վերաշխուժացման համար,
դ) Վերջապէս, սուրիահայութիւնը պիտի շարունակէ իր պատմական առաքելութիւնը` հայրենական աւանդութիւններու պահպանում, արեւմտահայ լեզուին եւ մշակոյթին կենսագործում, Հայոց ցեղասպանութեան պահանջատիրութեան եզակի վկայութիւն եւ միջինարեւելեան երկիրներուն ու ժողովուրդներուն մէջ համակեցութեան յաջողագոյն օրինակ ըլլալը:
12.- Սուրիահայութեան վերականգնումը ինքնանպատակ չէ: Հայ ազգի ամբողջականութեան մէկ մասին զօրացումը հզօրացումն իսկ է համայն հայութեան եւ հայրենիքին: Այդ իմաստով օգնել սուրիահայ քոյրերուն եւ եղբայրներուն` կը նշանակէ օգնել հայութեան եւ Հայաստանին:
Եկէ՛ք` համահայկական բազմատեսակ դժուարութեանց եւ տագնապներուն մէջ յիշենք սուրիաբնակ սուրիահայ համայնքը եւ շարունակենք եղբայրական ու քրոջական ձեռք երկարել անոնց:
19.09.2017 թ.
Երեւան