«Սի.Պի.Սի. Գանատա»․- Գանատայի հայ համայնքը արշաւի մը սկսած է՝ Ազրպէյճանին գանատական զրահամեքենաներ ծախելու ծրագիրը ձախողութեան մատնելու նպատակով:
Համայնքին առաջնորդները ջանք կը թափեն կառավարութիւնը համոզելու, որ ջնջէ գործառքը:
Արշաւը սկսած է, երբ «Radio Canada International»ը եւ «Սի.Պի.Սի.»ն անցեալ Յուլիսին հաղորդած էին, թէ INKAS Armored Vehicle Manufacturing ընկերութիւնը Ազրպէյճանի ներքին գործոց նախարարութեան հետ համաձայնագիր մը ստորագրած է, զրահապատ փոխադրամիջոցներ մատակարարելու համար:
Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումը այս նպատակով նամակներ յղած է վարչապետ Ճասթին Թրուտոյի եւ խորհրդարանի աւելի քան 50 անդամներու՝ շեշտելով, որ այս լուրը ցնցած է գատահայութիւնը, որովհետեւ կարելի չէ զէնք տրամադրել այնպիսի երկրի մը, որ շարունակաբար կը սպառնայ տարածաշրջանի խաղաղութեան եւ կը խախտէ մարդկային տարրական սկզբունքները։
Գանատայի արտաքին գործոց նախարարի մամլոյ քարտուղարը յայտարարած է, որ խորհրդարանին մօտ նախարարին ներկայացուցիչը ամենականուխ առիթով հանդիպում մը պիտի ունենայ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, քննելու համար հայութեան մտահոգութիւնները։