Գանատայի ծերակոյտի վերջին նիստին, կառավարութեան ուղղուած հարցադրումներու օրակարգի ծիրէն ներս, Պահպանողական կուսակցութեան անդամ Լիօ Հուսաքոս Հայաստանի մէջ գանատական դեսպանատուն հիմնելու Ազատական կուսակցութեան խոստումին առնչութեամբ հարց ուղղեց։ Ան յատկապէս շեշտեց, որ կառավարական դահլիճին մաս կազմող ժառանգութեան նախարար Մելանի Ժոլի վերոնշեալ խոստումը տուած էր Գանատայի հայ համայնքին ընտրարշաւի ընթացքին։
Հուսաքոսի հարցին պատասխանեց Ծերակոյտին մէջ իշխող Ազատական կուսակցութեան ներկայացուցիչ Փիթըր Հարտըր, որ յայտնեց, թէ Գանատայի կառավարութիւնը ցարդ Հայաստանի մէջ դեսպանատուն հիմնելու որոշում չէ կայացուցած։