Գոլոլեան Նախակրթարանի 6րդ Դասարանի Աշակերտները Կը Գրեն
This post was originally published on this siteԵթէ Ամէնակարող Ըլլայի …
Եթէ ամէնակարող ըլլայի, աշխարհի ամբողջ պզտիկներուն Նոր Տարուան գիշերը շատ շատ նուէրներ կուտայի որպէսզի ամէնը ուրախ ըլլային:
Եթէ ամէնակարող ըլլայի, աշխարհի ամբողջ հիւանդ մարդոց կը բուժէի, որպէսզի անոնք լաւ կեանք մը ապրէին իրենց ընկերներուն եւ ընտանիքներուն հետ:
Եթէ ամէնակարող ըլլայի, կ’ուզէի իմ ամբողջ ուսուցիչներուս “Գուպա” ուղարկել, որպէսզի անոնք կարենային հանգիստ ծովերուն մէջ լողալ եւ ուրիշ բաներու մասին չմտածել եւ ընէին ինչ որ ուզէին:
Ջէսիքա Բոշեան
Եթէ Ամէնակարող Ըլլայի…
Եթէ ես ամէնակարող ըլլայի, ես Ալպըրդ Այնսդայն կ՛ըլլայի, բայց ամէնակարողը չեմ եւ Ալպըրդ Այնսդայն ալ չեմ:
Եթէ ըլլայի ամէնակարող, երբեք չէի յօգներ եւ երբեք չէի քնանար: Եթէ այդպէս ըլլար, ես պիտի չնստէի գիշէրուան ժամը իննին, որ շարադրութիւնս գրէի:
Եթէ ամէնակարող ըլլայի, ես մատիտ մը կամ գրիչ մը կը ստեղծէի, որ առանց ինձի դասերս կ՛ընէր, լաւ նիշեր կը ստանայի եւ ալ դասը ինձի չէր յոգնեցներ: Ես թռչող ձի կը՛ստեղծէի, որ ինձի ամէն օր դպրոց կը տանէր: Եթէ այդպէս ըլլար, մամաս երբէք չէր ուշանար իր գործէն եւ ես ալ իմ դպրոցէս:
Սօֆի Պետրոսեան
Եթէ Ամենակարողը Ըլլայի
Մանկութենէս երազանք ունէի, թէ օր մը եթէ վիճակուի ինծի ամենայ կարողը ըլլալը, մանկական շատ մը երազներ կ’ուզէի իրականացնել, օրինակ` լաւ խաղալիքներ ունենալ, լաւ պտըտիլ եւ լաւ հագուելիք ունենալ:
Բայց կը կարծեմ, թէ հիմա տարբեր են երազներս: Հիմա կը մտածեմ մարդկութիւնը յուզող հարցերու շուրջ, որովհետեւ մինջեւ օրս աշխարհիս մէջ կան շատ մը հիւանդութիւններ, որոնք հակառակ գիտութեան ահաւոր զարգացման տակաւին բուժելի չեն․ օրինակ՝ շաքարախտը, քաղցկեղը եւ ալցհայմերը, որ պատճառ եղաւ մեծ հօրս մահուան:
Եթէ հնարաւորութիւն ունենայի հիւանդութիւններ բուժելու, վերջ կուտայի քիմիական դեղերով բուժումներու եւ կը փոխարինէի բուսական հզօր բժշկութեամբ:
Պիտի աշխատիմ եւ ուսանիմ մինչեւ նպատակիս հասնիմ: Կը հաւատամ, որ աշխատանքով երազանքները կ’իրականանան:
Գառնի Գույումճեան
Եթէ Ամէնակարող Ըլլայի
Եթէ ամէնակարող ըլլայի, ես աշխարհին խաղաղութիւն կուտայի, որովհետեւ ամէն կողմ աշխարհին մէջ պատերազմ կայ եւ մարդիկ զէնքերով կը մեռնին:
Եթէ աշխարհը խաղաղութիւն ունենայ, պատերազմները կը վերջանան, զէնքեր չեն ծախուիր, մարդիկ ուրախ կ’ըլլան եւ պզտիկները չեն ստիպուիր վախի մէջ ապրելու:
Եթէ երկրորդ անգամ մըն ալ ամէնակարող ըլլայի, ես աղքատներուն տուն կուտայի, դրամ եւ կերակուր: Եթէ ամէն մարդ տուն դրամ եւ կերակուր ունենայ, կ’ըլլան ուրախ, իրենց ընտանիքով կրնան ապրիլ եւ իրենց զաւակները դպրոց կ’երթան:
Պարգեւ Միսիրեան
Եթէ Ամէնակարող Ըլլայի
Եթէ ունենայի կարողութիւնը, պիտի աշխատէի անկարողին օգնութիւն տալ, հիւանդին դեղ տալ, անտէր ծերուկներուն տէրութիւն ընել եւ անարդար աշխարհին արդարութիւն տարածել:
Եթէ ամենակարող ըլլայի, Հայաստանի բոլոր գրաւուած հողերը կը վերադարձնէի իրենց տէրերուն: Հայաստանի թշնամիները, մանաւանդ Թուրքերը եւ Ազերիները, կը հեռացնէի մեր երկրին չորս կողմերէն:
Իսկ այդ վերադարձած հողերուն եւ տուներուն վրայ կը շինէի եւ կը հաստատէի նոր, զարգացած միացեալ Հայաստանը: Ապա աշխարհի չորս կողմի հայերը կը տանէի եւ կը հաստատէի այդ նոր Հայաստանի մէջ:
Սագօ Մինասեան
Ահա՝ եւ կաղանդ
Երեխաներ արթնցէք,
Կաղանդ պապան եկած է,
Եղեւնու տակ լուսաւոր,
Շատ-շատ նուէրներ բերած է։
Եկէք, նշենք այս սուրբ տօնը,
Մօտիկ եւ հեռու բարեկամներով
Ուրախութիւնով լեցուն այս օրը,
Քաղցր եւ անուշ ծպիտներով։
Նոր Տարուայ սեղանը լեցուն,
Ուտեստեղէնով անուշ ու համով,
Խօսքերով եւ կենացներով,
Գալիք տարին դիմաւորենք երգ ու պարով։
Սյուզի Կյունաշյան