«Ես Պիտի Շարունակեմ Պայքարիլ Ցեղասպանութեան Ճանաչման Համար», Երեւանի Մէջ Յայտարարած է Կարo Փայլան
This post was originally published on this siteԿարօ Փայլան Հայաստան-Սփիւռք համահայկական 6րդ համաժողովի ընթացքին, լուսանկարը՝ Սփութնիք արմենիային
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ»․- Առանց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու` Թուրքիան երբեք ժողովրդավարական պետութիւն չի կրնար դառնար, ո՛չ ալ քրտական հարցը լուծում կը ստանայ, Սեպտեմբեր 19ին՝ Հայաստան-Սփիւռք համահայկական 6րդ համաժողովի ծիրէն ներս կազմակերպուած «Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչում, ցեղասպանութիւններու կանխարգիլում, քաղաքական եւ իրաւական գործընթացները» թեմայով քննարկման ժամանակ՝ ըսած է Թուրքիոյ Հանրապետութեան խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան։
«Ցեղասպանութեան ճանաչման համար պէտք է ունենանք աւելի լայն տեսլական, մի՛այն ժողովրդավարական Թուրքիան կրնայ ճանչնալ Ցեղասպանութիւնը, մի՛այն ժողովրդավարական Թուրքիան կրնայ բանալ սահմանները Հայաստանի հետ, հակառակ պարագային մենք ստիպուած պիտի ըլլանք սպասելու ե՛ւս տասնեակ տարիներ: Թուրքիան այսօր կրկին կ՝ապրի մութ ժամանակաշրջան մը։ 102 տարի առաջ տեղի ունեցաւ մեծ ոճիր եւ անիկա կը շարունակուի այսօր, քանի որ իւրաքանչիւր ոճիր, որ անպատիժ կը մնայ, կ՝առաջացնէ նոր ոճիր: Ես պիտի շարունակեմ պայքարիլ Ցեղասպանութեան ճանաչման համար», ըսած է հայ պատգամաւորը:
Կարօ Փայլանի խօսքով, Թուրքիան այսօր կը հեռանայ ժողովրդավարութենէն, յետընթաց կ՝ապրի նաեւ Եւրոմիութեան հետ յարաբերութիւններուն գծով: Անոր կարծիքով, Թուրքիոյ նոր Սահմանադրութեան ընդունումը նոյնպէս կը նշանակէ` հեռացում ժողովրդավարութենէն. «Ես այս մասին խօսած եմ խորհրդարանին մէջ, ըսած եմ, որ մեծ սխալ տեղի ունեցած է: 20րդ դարու սկիզբը տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ես խորհրդարանին մէջ ըսած եմ, եթէ երկրին մէջ ընդունուի նոր Սահմանադրութիւն, նոյն աղէտը պիտի ունենանք, այսօր այդ ճանապարհին ենք: Թուրքիան 100 տարի անց ալ կը շարունակէ ոճիր գործել», ըսած է ան:
Ան յայտնած է, որ Հայաստան եկած է` իշխանութիւններուն հետ քննարկելու Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ հարցը:
«Պէտք չէ սպասել, որ լաւ օր մը պիտի գայ եւ մենք պիտի խօսինք այս մասին, պայմանները կը վատթարանան եւ ամէն օր աւելի կը վատանան, պէտք է ճանապարհներ գտնել հարցերուն լուծում տալու համար: Ես Հայաստան եկած եմ, հանդիպումներ ունեցած եմ վարչապետին եւ նախագահին հետ` Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները կարգաւորելուն վերաբերեալ: Գիտեմ` շատ դժուար է, բայց պէտք է ջանքեր թափել այդ ուղղութեամբ», ըսած է Փայլանը: