«Թաւշեայ Յեղափոխութիւն», «Քաղաքացիական Անհնազանդութեան Ցոյցեր». Միջազգային Մամուլը Կը Շարունակէ Անդրադառնալ Հայաստանեան Բողոքի Ցոյցերուն
This post was originally published on this site«Թերթ»․- Միջազգային լրատուամիջոցները կը շարունակեն անդրադառնալ Հայաստանի մէջ արդէն 8-րդ օրը ընդդէմ ՀՀ իշխանութիւններուն տեղի ունեցող բողոքի ցոյցերուն։
«Հայաստանի` ժողովրդականութիւն չվայելող նախագահը իրնքզինք վարչապետ դարձուցած է» վերտառութեամբ յօդուածին մէջ The Economist պարբերականը կը յիշատակէ 2014 թուականի Սերժ Սարգսեանի խօսքերը այն մասին, որ մէկ անձ պէտք չէ ձգտի իշխանութեան մնալու երկու ժամկէտէն աւելի, եւ կ՛աւելցնէ, որ Ապրիլ 17-ին երկրի խորհրդարանը զայն ընտրեց որպէս ՀՀ նոր վարչապետ:
Պարբերականը կը նշէ, որ հազարաւոր ցուցարարներ դուրս ելած են փողոց` ընդդէմ Սերժ Սարգսեանի վարչապետութեան: Մօտ մէկ տասնամեակ իշխանութեան վրայ մնալով` պարծենալու քիչ բան կայ, կը գրէ պարբերականը` անդրադառնալով տնտեսութեան վիճակին, գործազրկութեան, աղքատութեան մակարդակին, փտածութեան եւ մենաշնորհներուն:
Deutsche Welle պարբերականը կը հաղորդէ նախօրէին կառավարական շէնքերու արգելափակման ընթացքին տասնեակ ձերբակալութիւններու մասին եւ կը գրէ, որ աւելի քան մէկ շաբաթ մարդիկ փողոց կ՛ելլեն` բողոքելու ՀՀ իշխանութիւններուն դէմ: Լրատուամիջոցը անդրադարձած է նաեւ ընդդիմադիր գործիչ, բողոքի ցոյցերու առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարած «թաւշեայ յեղափոխութեան» եւ քաղաքացիական անհնազանդութեան ցոյցերուն, ինչպէս նաեւ կը նշէ, որ ԵՄ պատուիրակութիւնը Հայաստանի մէջ կոչ ըրած է բոլոր կողմերուն «զսպուածութիւն եւ պատասխանատւութիւն» ցուցաբերելու:
Associated Press-ը, իր հերթին, կը հաղորդէ, որ Հայաստանի մայրաքաղաքը ցնցած ցոյցերուն առնաջորդը կոչ կ՛ուղղէ իր աջակիցներուն շարունակելու երթեւեկութիւնը կաթուածահար ընելու ջանքերը:
Reuters գործակալութիւնը կը նշէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նոր նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդէս եկած է երկխօսութեան կոչով, մինչ հազարաւոր մարդիկ կը շարունակեն բողոքի ցոյցեր իրականացնել փողոցներուն մէջ:
Յիշեցնենք, որ արդէն 8-րդ օրը Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող բողոքի ցոյցեր տեղի կ՛ունենան ընդդէմ ՀՀ իշխանութիւններու: