ԻՆՏԻԱՆԱՓՈԼԻՍ.- Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Ինտիանան Նոյեմբեր 6ին հանդիսացաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած ամերիկեան 48րդ նահանգը, երբ նահանգապետ Էրիք Հոլքոմ հռչակագիր մը հրապարակեց՝ յիշատակելով Օսմանեան կայսրութեան կողմէ 3 միլիոն հայերու, յոյներու եւ ասորիներու ծրագրուած սպանդը։
Միաժամանակ, նահանգապետը Նոյեմբեր 6-12ի շաբաթը հռչակեց «Հայութեան իրազեկման շաբաթ»։
Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի համայնքային եւ հաղորդակցութեան հարցերու վարիչ Արթուր Մարտիրոսեան դրուատեց նահանգապետ Հոլքոմի սոյն քայլերը՝ շեշտելով, որ հռչակագիրը անգամ մը եւս կը յիշեցնէ Ցեղասպանութիւնը ուրացող Թուրքիոյ իշխանութիւններուն, թէ կարելի չէ պատանդ պահել ճշմարտութիւնը։
Իր հռչակագիրին մէջ նահանգապետը յիշեցուցած է, թէ նահանգին քաղաքացիները Ցեղասպանութեան օրերուն եւ անկէ ետք նեցուկ կանգնած են Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցի բարեսիրական գործունէութեան՝ յատկանշական օժանդակութիւն տրամադրելով անոր։ Հռչակագիրին մէջ նաեւ կը շեշտուի, որ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան կողմէ վերջին քանի մը տարիներուն, քրիստոնեաներու եւ այլ փոքրամասնութեանց դէմ կատարուած ցեղասպանական արարքներու կասեցման համար հարկաւո՛ր է անցեալի ցեղասպանութեանց, ներառեալ Հայո՛ց Ցեղասպանութեան ճանաչումը։