«Գանձասար»․- Հալէպի ազատագրման յաջորդող օրերուն, քաղաքի ամբողջ տարածքին, կեանքը օրըստօրէ իր բնականոն հունին մէջ սկսած է մտնելու: Ծառայողական ոլորտի հաստատութիւնները` ճաշարաններ, սրճարաններ, պանդոկներ իրենց դռները բաց կը պահեն քաղաքացիներուն դիմաց մինչեւ ուշ գիշեր: Ուշադրութեան արժանի է Հալէպի բերդին շրջակայքը գտնուող ճաշարաններու եւ հանգստեան վայրերու, յատկապէս «Խան Հարիր» սրճարանի վերանորոգումը, եւ պետական մարմիններու յանձնառութիւնը` աստիճանաբար վերաշխուժացնելու զբօսաշրջութիւնը:
Հալէպի զբօսշրջութեան գրասենեակի տնօրէն Պասէմ Խաթիպ ՍԱՆԱ-ին յայտնած է, թէ գրասենեակը հին Հալէպի ճաշարաններն ու պանդոկները, ինչպէս նաեւ պատմական վայրերը վերանորոգելու ամբողջական ծրագիր մը գործի դրած է ու առ ի քաջալերանք տուրքերէ եւ այլ պարտաւորութիւններէ զերծ պիտի պահէ սեփականատէրերը: Ներկայիս աշխատանքներ կը տարուին յատկապէս վերանորոգելու «Քարլթոն», «Ռիկա Փալաս» պանդոկները, «Բերիա», «Արիքէ» եւ «Տար ալ Ուարտ» հանրածանօթ ճաշարանները:
Ալ Խաթիպ ըսած է, որ երեք ամիս վերջ Հալէպ պիտի վերագտնէ իր պատմական երբեմնի դիմագիծը եւ պատրաստ պիտի ըլլայ ընդունելու զբօսաշրջիկները: