ՀՄԸՄի 100ամեակին Նուիրուած Գանատայի Շրջանի 48րդ Մարզախաղերը Կայացան Լաւալի Մէջ
This post was originally published on this siteՀովանաւորութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Բաբգէն Սրբ․ Արք․ Չարեանի, նախագահութեամբ Արթօ եւ Ալիս Մարգարեաններու, նախաձեռնութեամբ ՀՄԸՄ Գանատայի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ Լաւալի վարչութեան եւ պատասխանատուութեամբ՝ մարզական խաղերու մարմնի ատենապետ Հրաչ Տէր Սարգիսեանի, Օգոստոս 30ին, Լաւալի մէջ տեղի ունեցաւ բացումը ՀՄԸՄ Գանատայի շրջանի 48րդ մարզախաղերուն, որոնք նուիրուած էին ՀՄԸՄի հիմնադրութեան 100ամեակին։
Մարզական խաղերուն մասնակցեցան 250 մարզիկներ, որոնք ժամանած էին Մոնթրէալէն, Թորոնթոյէն, Գալիֆորնիայէն, Ֆրանսայէն, Վանգուվըրէն, Համիլթընէն եւ Գեմպրիճէն։
Սրբազան Հօր օրհնութեամբ՝ մարզախաղերուն մեկնարկը կատարուեցաւ ջահավառութեամբ, Օգոստոս 31ին Լաւալի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ, որմէ ետք աւելի քան 350 անդամներ՝ ՀՄԸՄական սկաուտներ, մարզիկներ, ՀՄԸՄ Կամքի փողերախումբի անդամներ, քոյր միութիւններ եւ կազմակերպութիւններու անդամներ քայլարշաւով մը Լաւալի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիէն ուղղուեցան Լաւալի Հայ կեդրոն։
Հայ Կեդրոնին մէջ գեղարուեստական յայտագիրը սկսաւ Հայաստանի եւ Գանատայի քայլերգներով, որոնց ընթացքին սկաուտները դրօշակի արարողութեամբ բարձարցուցին ՀՄԸՄի դրօշակները։
Քայլերգներէն ետք, ջահը փոխանցուեցաւ երեք տարբեր սերունդներու։ Սուրիոյ նշանաւոր մարզիկ, կարճ վազքի եւ ոստումի ախոյեան եղբ․ Սերոբ Կիրակոսեան ջահը յանձնեց Սուրիոյ եւ Լիբանանի երկար վազքի ախոյեան եղբ․ Բիւզանդ Լախոյեանին։ Վերոյիշեալ երկու ախոյեան եղբայրները միասնաբար ջահը յանձնեցին երիտասարդ մարզուհի քոյր Թինա Կարապետեանին։ Վերջինս չմշկային մարզախաղերուն ընթացքին հրաւիրուած էր Հայաստանը ներկայացնելու՝ Մոսկուա կայանալիք Ողոմպիականին։ Ան իր կարգին վառեց կրակը։
Համազգայինի ՙՔնար՚ երգչախումբը ներկայացուց երեք երգ: Ապա Լաւալի քաղաքապետարանի անդամ Արամ էլակօզ քաղաքապետարանի անունով բացումը յայտարարեց 48րդ մարզախաղերուն։ Խօսք առին ՀՄԸՄի վարչութեան ատենապետուհի քոյր Սոնա Լախոյեան ու Գանատայի ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ քոյր Լէոնէ Սարմազեան, որոնք շնորհաւորեցին ՀՄԸՄի 100ամեակը, մաղթեցին յաջող երթ մարզիկներուն եւ սկաուտներուն։
Գանատայի Խորհրդարանի անդամ Ֆայսալ Էլ Խուրին խօսք առնելով ըսաւ, թէ ՀՄԸՄի հիմնադրութիւնը մեծ հպարտութիւն է թէ՛ հայերուն եւ թէ՛ համայն մարդկութեան։ Ան խօսքը ուղղելով հայ երիտասարդին ըսաւ, թէ ժամանակին անոնք, որոնք կը յաւակնէին բնաջնջել հայութիւնը՝ սխալեցան, այժմ հայ երիտասարդը հոս է, ներկա՛յ է։
Յայտագիրը իր աւարտին հասաւ․Սրբազան Հայրը նշեց, թէ այս խաղերը պարզապէս մարզախաղեր չեն, այլ՝ փառատօն եւ համախումբ աշխատանքի արդիւնք։ Սրբազան Հայրը իր խօսքը աւարտելէ ետք ՙՊահպանիչ՚ով օրհնեց բոլոր ներկաներն ու մարզիկները։
Մրցումները տեղի ունեցան երեք տարբեր դաշտերու մէջ։ Մրցումի մարզախաղերն էին ոտնագնդակ, պասքէթպոլ, վոլէյպոլ, ճատրակ եւ փինկ-փոնկ։
Շաբաթ իրիկուն տեղի ունեցաւ խրախճանք ՙԱհարոնեան՚ սրահէն ներս։
Փակման արարաողութեան՝ ՀՄԸՄական սկաուտներ, մարզիկներ, ՀՄԸՄ Կամքի փողերախումբի անդամներ, Հայ Կաթողիկէ Համայնքի փողերախումբի անդամներ, քոյր միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու անդամներ միասնաբար տողանցքով մը ուղղուեցան դէպի դաշտ, ուր փողերախումբերը երաժշտական կշռոյթով խանդավառեցին տողանցողներն ու ներկաները:
Փակման հանդիսութեան ժամանակ ժողովուրդը առիթը ունեցաւ վայելելու օտար երգչախումբի եւ պարախումբի մեկնաբանութիւններ։
Կրկին անգամ հնչեցին Հայաստանի եւ Գանատայի քայլերգները՝ մեկնաբանութեամբ Միրիամ Պաղտասարեանի։
Հանդիսութենէն ետք տեղի ունեցաւ մրցանակաբաղխութիւն: Նշենք, որ մրցանակաբաշխման մետալներն ու բաժակները նուիրած էին բարերարներ եւ հովանաւորներ։
Յաղթողներ եղան գրեթէ բոլոր մասնակցող խմբակներէն։
Փակման հանդիսութեան խօսք առին Սոնա Լախոյեան, Լէոնի Սարմազեան, Կեդրոնական վարչութեան անդամ Մոսիկ Թոփուզեան եւ հիւպատոս Արա Մկրտչեան։
Աւարտին, օդանաւ մը ճախրեց երկնքին մէջ, ՀՄԸՄի խորհրդանշանն ու գրութիւն մը ծածանելով, որ կը յայտնէր աւարտը 48րդ մարզախաղերուն՝ մաղթելով ցտեսութիւն։
Յայտագիրը վերջ գտաւ Սրբազան Հօր ՙՊահպանիչ՚ով։
Նոյն օրը երեկոյեան Լաւալի Sheraton պանդոկի շքեղ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ փակման խրախճանքը, երբ երգիչ Էլի Պէրպէրեան ու իր նուագախումբը ճոխացուցին մթնոլորտը:
«Հորիզոն»էն