ՀՅԴ Պատանեկան Միութիւններու Հայաստանագնացութիւնը Եզրափակուեցաւ Արցախի Մէջ
This post was originally published on this siteՄարիա Սարգիսեան կը տեղեկացնէ, որ ՀՅԴ Պատանեկան միութիւններու «Խանասորից Շուշի, յաղթանակից յաղթանակ» ութօրեայ հայաստանագնացութեան վերջին եռօրեան իրականացաւ Արցախի մէջ, երբ Շաբաթ, 5 Օգոստոսին 230 պարման-պարմանուհիներ երկար ճանապարհորդութենէ ետք հասան Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտ:
Կիրակի, 6 Օգոստոսի առաւօտեան, պատանիները առիթը ունեցան այցելելու Գանձասարի վանք, ապա ուղղուեցան դէպի Խանասորի արշաւանքի մտայղացումը կատարած Նիկոլ Դումանի տուն-թանգարանը եւ Խանասորայ Վարդանի բնակարանը:
Նոյն վայրին մէջ անոնց տրուեցաւ դասախօսութիւն մը՝ «Արցախի հիմնահարցը» խորագիրով, որ ներկայացուեցաւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Արմէն Սարգսեանի կողմէ:
Նշեալ օրուան յետմիջօրէին դաշնակցական պատանիները խմբովին բարձրացան Արցախի խորհրդանիշ «Պապիկն ու մամիկը» արձանի բլրակը, ինչպէս նաեւ շրջագայեցան Ստեփանակերտի հրապարակը:
Երկուշաբթի, 7 Օգոստոսին, բանակողները մեկնեցան Շուշի եւ այցելեցին Կանաչ ու Ղազանչեցոց եկեղեցիները:
Ս. Ղազանչեցոց եկեղեցին եղաւ բանակումի վերջին կանգառը, ուր տեղի ունեցաւ փակման հանդիսութիւնը, որ իրականութեան մէջ հրաժեշտի խորհրդաւոր երեկոյ մըն էր, ուր բոլորին արցունքոտ աչքերը եւ բաբախուն սիրտերը եկան վկայելու, որ նման մեծաթիւ մասնակցութեամբ համահաւաքներ կու գան ամրագրելու ազգապահպանման վեհ նպատակը եւ շարունակելու պայքարի երթը:
Արդ, կարգ մը պարման-պարմանուհիներ իրենց տպաւորութիւնները արտայայտեցին բանակումին մասին, ապա բանակումի ընդհանուր պատասխանատու Սագօ Արապօղլեան իր սրտի խօսքը ուղղեց՝ ըսելով. «Նախ բոլորին վարձքը կատար՝ պատասխանատուներ եւ պատանիներ: Ութ օրերու ընթացքին դուք փաստեցիք, որ իսկական դաշնակցական պատանիներ էք եւ դուք ունեցաք նոր ընկերներ, նոր ծանօթութիւններ եւ բարեկամութիւններ, որոնց շնորհիւ կարելի է անվարան հաստատել, որ համահայկական բանակումը հասաւ իր նպատակին: Մեր յոյսն է, որ ապագային ձեզ տեսնենք մէկական ղեկավարներ եւ դուք ըլլաք բանակումի կազմակերպիչներ:
ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան, ողջունելով բոլորը՝ ըսաւ. «Բանակումի խորագիրը՝ «Խանասորից Շուշի», իր մէջ կ՛ամփոփէ այն գաղափարը, որ մեր պայքարի ուղին 120 տարի առաջ Խանասորով սկսեցաւ, Սարդարապատով եւ Լիզպոնով շարունակուեցաւ եւ հասաւ մինչեւ յաղթական Շուշի: 25 տարի առաջ Շուշիի մեր եղբայրներն ու հարազատները կրցան կերտել դարերով սպասուած յաղթանակը, իսկ այդ յաղթանակը իր մէջ կը պարփակէր մեծ պատգամ: Այդ յաղթանակը ո՛չ միայն Շուշիի ազատագրումն է, այլեւ մեր ազատագրական պայքարի այն կարեւորագոյն փուլն է, որ սկիզբը դարձաւ նոր յաղթանակներու: Այս ութ օրերուն ընթացքին կը կարծեմ, որ դուք նոյնպէս նոր սկիզբ մը դրիք ո՛չ միայն բանակումը իր աւարտին հասցնելու, այլ ապագային ձեր մէջ նոր յաղթանակներ կերտելու: Մեր շրջանի պատասխանատու կազմին անունով մեր շնորհաւորանքն ու շնորհակալութիւնը կը յայտնենք ձեր բոլորին եւ կը հաստատենք, որ դաշնակցական հայ պատանին այդ յաղթանակներուն ոգիով կը դաստիարակուի եւ կը կերտէ իր ապագան»:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Սարգիս Մկրտչեան, որ խրախուսեց ներկաները՝ ըսելով. «Այսօր, գտնուելով ազատագրուած Արցախի այս սուրբ հողին վրայ՝ Շուշի քաղաքի Ս. Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ, փակումը կը կատարենք ՀՅԴ Պատանեկան միութիւններու 3րդ համահայկական բանակումին: Ճիշդ կ՛ըլլայ, որ իւրաքանչիւրս իր մէջ եւ միասնաբար հաշուեքննութիւն մը կատարենք, թէ ի՛նչ ըրինք այս ութ օրերուն ընթացքին եւ այդ օրերը մեզի ի՛նչ տուին: Եթէ ամփոփենք, պիտի եզրակացնենք, որ մենք ճշդուած ծրագիրին համաձայն այցելեցինք Հայաստանի տեսարժան վայրերը, լսեցինք դասախօսութիւններ, խմբային աշխատանքներ կատարեցինք, ծանօթութիւններ ձեռք ձգեցինք եւ ամէնէն կարեւորը, անցնող օրերուն Քանաքեռաւանի մէջ վրաններու տակ, իսկ Շուշիի ռազմական ուսումնարանին մէջ, մշակեցինք ընկերութիւններ, որոնք պիտի գոյատեւեն մինչեւ մեր կեանքի վերջը: Բանակումին ընթացքին դուք կոփեցիք ձեր կամքը, ամրապնդեցիք ձեր վճռակամութիւնը: Դուք միասնաբար կրցաք դիմագրաւել բոլոր դիւրին եւ դժուար պայմանները, որոնք ձեզի առյաւէտ կը յուշեն անմոռանալի օրեր:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան համար որեւէ բան ինքնանպատակ չէ, ինչպէս որ հայաստանագնացութիւնը ինքնանպատակ չէ: Մենք այս բանակումները կը կազմակերպենք, որովհետեւ համոզուած ենք, որ այս տեսակի աշխատանքներու ընդմէջէն նոր սերունդը ազգային ոգիով եւ հայրենասիրութեամբ կը դաստիարակուի, ինչպէս նաեւ կ՛ամրապնդէ իր կամքը: Մենք այսօր կը գտնուինք այս սուրբ հողին վրայ, որուն պարտական ենք բազմահազար քոյրերու եւ եղբայրներու զոհողութեան շնորհիւ, եւ պարտաւոր ենք շարունակել անոնց ճամբան, որպէսզի իրականանան Դաշնակցութեան եւ հայ ազգին նպատակները՝ հայահաւաքով եւ հողահաւաքով:
Ցտեսութիւն մինչ նոր հայաստանագնացութիւն կամ երիտասարդական բանակում»:
Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ Արցախի «Մենք ենք մեր սարերը» ազգագրական երգի-պարի համոյթի ելոյթով:
Հուսկ, բանակումը վերջ գտաւ «Մշակ բանուոր» քայլերգով: