«Արցախփրես»․- Արցախի անկախութեան հռչակման 26-րդ տարեդարձի տօնական ձեռնարկներու շարքը այսօր սկսաւ դեռ առտու կանուխէն:
Մայրաքաղաքին մէջ առաւօտեան սկսաւ մարդոց հոսքը դէպի Ստեփանակերտի յուշահամալիր, ուր ծաղիկներ եւ ծաղկեպսակներ դրուեցան Յաղթանակը խորհրդանշող յուշաքարի պատուանդանին:
Տօնին առիթով Արցախ ժամանած են բազմաթիւ հիւրեր տարբեր երկիրներէ: Աշխատանքային այցով Արցախ գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան, պետական եւ զինուորական բարձաստիճան այրեր ժողովուրդի հետ միասին Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակէն ոտքով ուղեւորուեցան մինչեւ քաղաքային յուշահամալիր:
Հայկական երկու պետութիւններու բարձագոյն ղեկավարները ծաղիկներ եւ ծաղկեպսակներ խոնարհեցին քաղաքային յուշահամալիրին եւ հարեւանութեամբ գտնուող Արցախեան ազատամարտի ընթացքին զոհուած ազատամարտիկներու, ազգային ժողովի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեանի շիրիմներուն: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ Պաշտպանութեան բանակի պատուոյ պահակախումբի հանդիսաւոր քայլերթը:
Նշենք, որ այսօր Արցախի բոլոր շրջաններուն մէջ կը կազմակերպուին բազմաբնոյթ տօնական ձեռնարկներ, իսկ երեկոյեան Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ տեղի պիտի ունենայ տօնական համերգ, որ պիտի աւարտի հրավառութեամբ: