Հայ կեդրոն
Թորոնթոյի Հայ կեդրոնը կը հանդիսանայ մեծն Թորոնթոյի մէջ բնակող բոլոր տարիքի հայերուն տունը: Կը մատուցէ մշակութային, գեղարուեստական, մարզական, կրթական, ընկերային եւ հոգեւոր ծրագիրներ:
Հայու շինարար ոգին, բոյն շինելու բնազդը եւ յառաջդիմելու բուռն փափաքը մղած են թորոնթոհայութիւնը տէր կանգնելու օրինակելի կեդրոնի մը` իր վարժարանով, եկեղեցիով, «Նոր հայ հորիզոն» հեռուստաժամով, «Թորոնթոհայ» ամսաթերթով, ՀՕՄի, Համազգայինի, ՀՄԸՄի, երիտասարդականի ու պատանեկանի մասնաճիւղերով եւ երէցներու ընկերակցութեամբ։
Հայ կեդրոնը կառուցուած է հայ-գանատական արժէքներու ամուր հիմքի վրայ, մայր հայրենիքի հետ ամուր կապերով: Հայ կեդրոնը այն ընդգրկուն միջավայրն է ուր հայկական աւանդութիւններն ու եւ սովորութիւնները վառ կը պահուին:
Հայ կեդրոնի մասին
Համայնք մը հիմնելը երկարաժամկէտ ծրագիր է: Պէտք է ծրագրել, ստեղծել, կառուցել, սնել եւ պահպանել: Ընդհանուր տեսլականի, արժէքներու, մշակոյթի սէրն ու համայնքային կեանքը զարգացնելու արգասիքն է թորոնթոհայ համայնքը, որ կը հանդիսանայ Թորոնթօ բնակող իւրաքանչիւր հայու տաքուկ ընտանիքը:
Հայ կեդրոնի կառուցումը սկսաւ փոքր քայլերով, աճեցաւ փուլերով՝ անթիւ կամաւորներու եւ նուիրատուներու ներդրումով, եւ այսօր ան դարձած է Օնթարիօ ժամանող բոլոր հայրենակիցներուն առանցքային կէտը:
Տեղակայուած հիւսիսային Թորոնթոյի (401/404/DVP) կեդրոնը, Հայ կեդրոնը (ACC, 45 Hallcrown Place), Հայ երիտասարդական կեդրոնը (AYC, 50 Hallcrown Place) եւ 211 Consumers Road-ի համալիրը կը ծառայեն մեծն Թորոնթոյի մէջ բնակող աւելի քան 50.000 հայերու:
Հայ կեդրոնի հովանիին տակ կը գործեն Սբ. Աստուածածին հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին, ՀՕՄի Պապայեան մակապարտէզը, Գոլոլեան նախակրթարանը եւ Լափոյեան երկրորդական վարժարանը, Հայ երիտասարդական կեդրոնը եւ 211 Consumers Road-ի համալիրը: Հայ կեդրոնը տունն է նաեւ Հայ օգնութեան միութեան «Ռուբինա» մասնաճիւղին, ՀՄԸՄի սկաուտական եւ մարզական թեւերուն, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան «Գլաձոր» մասնաճիւղին, Հայ դատի յանձնախումբին, երիտասարդական միութեան «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղին, պատանեկան «Քրիստափոր» եւ «Ռոստոմ» միութիւններուն եւ Հայ երէցներու ընկերակցութեան:
ACC եւ AYC համալիրները բազմաբնոյթ կառոյցներ են, օժտուած մարզասրահով, 500 հոգինոց թատերասրահով, պարահանդէսի սրահով, խորհրդաժողովներու սրահներով եւ հանդիպումներու սենեակներով, որոնք տրամադրելի են բոլորին:
Պատմութիւն
1950-1960ական թուականներուն Թորոնթօ հաստատուած խումբ մը երիտասարդներ, անմիջապէս ու անվախօրէն ծրագրեցին կեդրոն մը հիմնել, ուր միութենական ժողովները, հաւաքոյթները, խրախճանքները, տօնակատարութիւնները, տօնավաճառները եւ ձեռնարկները տեղի պիտի ունենային։
ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէութիւնը, ՀՕՄի «Ռուբինա» մասնաճիւղը եւ Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան (ներկայի ԿՅԴ Գանատայի երիտասարդական միութեան) «Սիմոն Զաւարեան» ուխտը միասնաբար այդ երազը իրականացուցին։ 18 Dupont փողոցի վրայ հիմնուած Հայ կեդրոնը եղաւ աշխոյժ վայր մը ուր ծնունդ առին ՀՄԸՄ Թորոնթոյի եւ Համազգայինի մասնաճիւղերը եւ ապա Հայ երէցներու ընկերակցութիւնը։
Մօտ տասնամեակ մը վերջ, այդ «փեթակ»ը արդէն նեղ կու գար…
Նոյն յանդգնութեամբ, բոլոր միութիւնները միասնաբար խորհեցան, ձգտեցան եւ կառուցեցին 45 Hallcrownի Հայ կեդրոնը։ Կեդրոնին զուգահեռ հիմնեցին ՀՕՄի Պապայեան մանկապարտէզն ու Գոլոլեան նախակրթարանը, որոնց վրայ հետագային աւելցաւ երկրորդական բաժինը, որ 2016 թուականին անուանուեցաւ Լափոյեան երկրորդական վարժարան։ Վարժարանը ներկայիս ունի ծիլէն մինչեւ ԺԲ. կարգեր։
Կեդրոնին կից կառուցուեցաւ Սբ. Աստուածածին հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին, ապա 50 Hallcrownի Հայ երիտասարդական կեդրոնը որ կ՚ընդգրկէ ՀՄԸՄի մարզադաշտը, «Համազգային» թատերասրահը եւ վարժարանի դասարանները։ Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի հովանիին տակ կը գործեն նաեւ «Նոր հայ հորիզոն» հեռուստաժամը եւ «Թորոնթոհայ» ամսաթերթը:
Թորոնթոյի Հայ կեդրոնը, համայնքին նեցուկ կանգնելու իր ամենաէական պարտականութեան ծիրէն ներս, ունեցաւ հեռանկարը եւ երրորդ անգամ ըլլալով յանդգնութիւնը՝ 45 Hallcrown կառոյցը բարեզարդելու եւ ընդլայնելու եւ 30 տարիներու գործածութենէն ետք՝ Թորոնթոհայ համայնքին ներկայացաւ վերանորոգուած ու ընդլայնուած շքեղ կեդրոնով մը։
2017 թուականին, մեկնարկուեցաւ Հայ երիտասարդական կեդրոնը ընդլայնելու ծրագիրը, որ սակայն, բարենպաստ պայմաններու բերումով, 2026ի ձմռան փոխարինուեցաւ 211 Consumers Road հասցէին գտնուող ժամանակակից համալիրի մը ձեռքբերումով: Նոր համալիրին մէջ պիտի տեղակայուին նաեւ ՀՕՄի ամէնօրեայ վարժարանի 7–12-րդ կարգերը, անմիջապէս առիթ ընծայելով մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի բաժիններու ընդլայնումին՝ գանատահայ յաջորդ սերունդներուն ապահովելով եռալեզու եւ ազգային կրթութեան բարգաւաճ ու կայուն ապագայ մը։
Փուլեր
1967 – Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի առաջին կառոյցի գնում (18 Dupont Street) եւ աշխատանքներու սկիզբ:
1975-1976 – Համայնքի աճով, Հայ կեդրոնի շէնքը նեղ կու գար: Dupontի կառոյցը կը վաճառուի, որուն հասոյթով եւ նուիրատուութիւններոով, ներկայ 45 Hallcrown placeի հողատարածը կը գնուի:
1978 – Հայ կեդրոնի կառուցումը կ’աւարտի 45 Hallcrown placeի վրայ:
1979 – ՀՕՄի Ամէնօրեայ վարժարանը կը բանայ իր դռները:
1982 – Վարժարանի մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի բաժիններու կառուցումը կ’աւարտի 45 Hallacrown placeի վրայ:
1986 – Հայ կեդրոնը կ’օժտուի ճաշարանով եւ յաւելեալ գրասենեակներով:
1991 – Սբ. Աստուածածին եկեղեցին կը կառուցուի:
1998 – 50 Hallcrown Place հողատարածի գնում:
2004 – Հայ երիտասարդական կԿեդրոնի կառուցումը եւ վարժարանին ընդլայնումը 50 Hallcrownի վրայ կը հասնին իրենց աւարտին:
2011 – Հայ կեդրոնի (45 Hallcrown) մեծ վերանորոգումի եւ ընդլայնումի աշխատանքները կը սկսին եւ կը հասնին իրենց աւարտին 2012ին, որով կեդրոնս կը շնորհուի յաւելեալ գրասենեակներով, խորհրդաժողովի սենեակներով եւ խնճոյքի սրահով:
2016 – Օնթարիոյի պետական չափանիշները լրացնող մանկամսուրի հաստատման նպատակով, մեծ շինարարական աշխատանքներու աւարտ՝ վարժարանի մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի բաժինին մէջ:
2017 – ՀՕՄի երկրորդական վարժարանի ընդլայնման ծրագիրի մեկնարկ՝ 50 Hallcrown placeի վրայ:
2026 – 211 Consumers Road համալիրի ձեռքբերում՝ համայնքիս պատմութեան մէջ ամենամեծ ներդրումը: