Welcome to the Armenian Community Centre of Toronto
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան («Համազգային») Թորոնթոյի մասնաճիւղը հիմնուած է 1969ին, եւ նոյն տարուան դեկտեմբերին կազմակերպած է առաջին ձեռնարկը՝ նուիրուած Կոմիտաս վարդապետին:
«Բարձրացի՛ր, Բարձրացո՛ւր» նշանաբանին հաւատարիմ, եւ ապագայ տիպար հայորդիներ պատրաստելու իր առաքելութեան համաձայն, ՀՄԸՄ Թորոնթոյի մասնաճիւղը կը գործէ մարզական եւ սկաուտական զոյգ թեւերով:
Հայ օգնութեան միութեան առաքելութիւնն է քաջալերել կրթութիւնը, մատուցել ընկերային ծառայութիւններ եւ նպաստել կանանց հեղինակութեան: ՀՕՄի Թորոնթոյի «Ռուբինա» Մասնաճիւղը իր 400է աւելի անդամներով եւ տասնեակ մը յանձնախումբերով, լայնածաւալ աշխատանք կը տանի:
1934ին, Գարեգին Նժդեհ, Գանատայի հարաւային Օնթարիոյի Սէնթ Գաթրինզ քաղաքին մէջ հիմնեց Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան առաջին մասնաճիւղը: Մինչեւ 1974, հիւսիսային Ամերիկայի երիտասարդական միութիւնները կը վարուէին մէկ կեդրոնական վարչութեան կողմէ:
ՀՅԴ Գանատայի պատանեկան միութիւնը (ԳՊՄ) կը հանդիսանայ Գանատահայ պատանին կազմակերպող գլխաւոր ուժը, զանոնք զինելով հայեցի դաստիարակութեամբ եւ ազգային արժէքներով:
Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի երէցներու ընկերակցութիւնը Հայ կեդրոնի ամենէն աշխուժ կազմակերպութիւններէն մէկն է: