Թորոնթոհայ TV
Մեր Մասին
Թորոնթոհայ TV (նախապէս Նոր հայ հորիզոն) հեռուստաժամը կը սփռուի շաբաթական դրութեամբ, ամէն շաբաթ օր առաւօտեան ժամը 9ին, , OMNI 1 կայանէն, Օնթարիոհայ գաղութին ներկայացնելով հայրենի եւ տեղական լուրեր, գաղութս հետաքրքրող եւ հայկական ժամանակակից նիւթեր, քաղաքական, ընկերային, կրօնական, մշակութային, կրթական եւ բժշկական նիւթերու շուրջ մասնագէտներու եւ պատասխանատու անդամներու հետ հարցազրոյցներ: Յայտագիրները շաբաթական դրութեամբ կը տեղադրուին YouTubeի էջին վրայ:
Ձեր ձեռնարկներու յայտարարութիւններն ու առեւտրական ծանուցումները կարելի է սփռել «Նոր հայ հորիզոն» հեռուստաժամէն, կապուելով վարիչ-տնօրէն՝ Սիւզի Մելիտոնեանին հետ [email protected]:
Անձնակազմ
Սիւզի Մելիտոնեան
Վարիչ տնօրէն եւ արտադրիչ
Օննիկ Նազարեանց
Նկարիչ, համադրող եւ արտադրիչ
Խաժակ Գուլաճեան
Հաղորդավար
Քաթիա Տէր Յովակիմեան
Հաղորդավար
Միսաք Գավլաքեան
Հաշուական պատասխանատու