ՀՕՄի Ամէնօրեայ վարժարան
Մեր Մասին
Գերազանց ուսում
Հայեցի դաստիարակութիւն
Տիպար նկարագիր
«Հայ աշակերտը հայօրէն կը մեծնայ միայն հայ դպրոցին մէջ» նշանաբանէն մեկնած, 1979 թուականին, Հայ կեդրոնի երդիքին տակ, հիմը կը դրուի ՀՕՄի Ամէնօրեայ վարժարանին՝ մանկապարտէզի երեք եւ նախակրթարանի երկու կարգերով: Ապա, տարուէ տարի, բարերարներու եւ պատասխանատուներու ճիգերով եւ ծնողներու զոհողութեամբ, նոր կարգեր կ’աւելնան եւ վարժարանը կը դառնայ երկրորդական՝ կրելով ՀՕՄի «Պապայեան» մանկապարտէզ, «Գոլոլեան» նախակրթարան եւ «Լափոյեան» երկրորդական վարժարան անունը: 2013 թուականին կ’աւելնայ մանկամսուրի բաժինը՝ 18 ամսականէն 3 տարեկան երեխաներու համար:
Վարժարանէն ներս, հայ աշակերտը կը հետեւի Օնթարիոյի պետական ուսումնական ծրագիրին: Սակայն վարժարանի սրբազան նպատակն է ջամբել հայեցի դաստիարակութիւն, առանց որուն կը կորսուի հայկական նկարագիրն ու ինքնութիւնը: Վարժարանի ուոսումնական ծրագիրը, ակադեմականին հետ զուգընթաց, զարկ կու տայ ընկերային, մարզական եւ գիտական նորարութիւններուն:
Վարժարանը, ներկայիս, Թորոնթոյի հայկական միակ ամէնօրեայ վարժարանն է, 700-է աւելի աշակերտներով եւ 570 շրջանաւարտներով: Վերջիններուն զաւակները արդէն հասած են դպրոցական տարիք եւ կը յաճախեն ՀՕՄի Ամէնօրեայ վարժարան: Շրջանաւարտ աշակերտներ նաեւ մաս կը կազմեն վարժարանի ուսուցչական կազմին, տնօրէնութեան, կրթական մարմինին եւ տարեկան հանգանակային արշաւի յանձնախումբին:
Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար, այցելել www.arsdayschool.ca կայքէջը:
Կրթական մարմին
2025-2026
ՀՕՄի «Ռուբինա» մանկամսուրը կը մատուցէ Օնթարիոյի կրթական նախարարութեան չափանիշներուն համապատասխանող ուսումնական ծրագիր, ամբողջութեամբ հայերէն լեզուով: Ծրագիրը մշակուած է այնպէս որ երեխաները սորվին խաղերու ընդմէջէն: Խաղալը հնարաւորութիւն կ’ընծայէ փորձարկելու, հետախուզելու, յայտնաբերելու եւ խնդիրներ լուծելու: Խաղի ժամանակ, երեխաները առիթը կ’ունենան խօսելու, լսելու եւ ուսումնասիրելու հայոց լեզուն:
Մանկամսուր կ’ընդունուի 18 ամսականէն 3 տարեկան երեխաներ:
ՀՕՄի «Պապայեան» մանկապարտէզը կը բաղկանայ կոկոն (4 տարեկան) եւ ծաղիկ (5 տարեկան) կարգերէն: Աշակերտները կ’ուսումնասիրեն հայերէն եւ անգլերէն գրագիտութիւնն ու թուագիտութիւնը: Իւրաքանչիւր լեզուի տրամադրուած է կէս դպրոցական օր: Կը սկսին ֆրանսերէն սորվիլ ծաղիկ դասարանին: Ծրագիրը հնարաւորութիւն կու տայ աշակերտներուն զարգացնելու իրենց ընկերային, լեզուական, գիտական եւ թուաբանական հմտութիւններն ու քննադատական մտածելակերպը՝ Օնթարիոյի կրթական նախարարութեան մանկապարտէզի ուսումնական ծրագիրի հիման վրայ:
ՀՕՄի «Գոլոլեան» նախակրթարանը կ’ընդգրկէ առաջինէն ութերորդ կարգերը: Դպրոցը կը դասաւանդէ Օնթարիոյի կրթական նախարարութեան ուսումնական ծրագիրները, ինչպէս նաեւ հայոց լեզուի, պատմութեան, գիտութեան, կրօնի, թատրոնի եւ եւ երաժշտութեան դասընթացքներ: ֆրանսերէնի հիմնական ծրագիրը կը սկսի առաջին կարգէն, շաբաթը երեք (Ա. – Գ. կարգեր) եւ չորս (Դ. – Ը. կարգեր) պահ յաճախականութեամբ:
Իւրաքանչիւր աշնան, Է. եւ Ը. կարգի աշակերտները կը մասնակցին Cedar Ridge բանակավայրէն ներս քառօրեայ բանակումի, զարգացնելու համար իրենց ֆիզիքական, մտային, ընկերային եւ ղեկավարական հմտութիւնները:
«Գոլոլեան» նախակրթարանը ունի երկու երգչախումբեր՝ «Գանձասարի սոխակներ» (Ա. – Գ. կարգեր) եւ «Կռունկներ» (Դ. – Ը. կարգեր) եւ «Արամ Խաչատուրեան» փողերախումբ, որուն մաս կը կազմեն նաեւ երկրորդական վարժարանի աշակերտներ:
Գ. կարգէն սկսեալ, աշակերտները կը մասնակցին մարզական մրցաշարքերու:
ՀՕՄի «Լափոյեան» երկրորդական վարժարանը իր դռները բացած է 2001ին իբր ՀՕՄի երկրորդական վարժարան: 2016ին, անուանուած է ՀՕՄի «Լափոյեան» երկրորդական վարժարան: Ունի Օնթարիոյի կրթական նախարարութեան վարկանիշ շնորհելու լիազօրութիւնը եւ շրջանաւարտնհերը կը ստանան Օնթարիոյի երկրորդական վարժարանի վկայական: Աշակերտները կը հետեւին այլազան դասընթացքներու, ընտրովի՝ իրենց մտադրած համալսարանական մասնագիտութեան հիման վրայ: Հայ գրականութիւնը, Հայ դատը եւ ցեղասպանութեան կրթութիւնը պարտադիր դասընթացքներ են:
Աշակերտները առիթը ունին մասնակցելու արտադասարանային աշխատանքներու՝ ակումբներու եւ գործունէութիւններու միջոցով, ինչպէս՝ աշակերտական խորհուրդը եւ «Արձագանգը» ամսաթերթը:
Հզօր մարզական ծրագիրով օժտուած, աշակերտները հնարաւորութիւն ունին մասնակցելու այլազան մրցաշարքներու եւ զարգացնելու իրենց խմբային եւ ղեկավարական հմտութիւնները:
«Լափոյեան» վարժարանի աշակերտները ունին իւրայատուկ հնարաւորութիւն՝ մասնակցելու երկու փորձառական-ուսումնական ճամբորդութիւններու:
Տասնմէկերորդ կարգի աշակերտները կ’ուղեւորուին դէպի Հայաստան ուր առիթը կ’ունենան այցելելու պատմական թանգարաններ, գրագէտներու տուն-թանգարաններ, պատմական վայրեր, եկեղեցիներ եւ յուշակոթողներ: Աշակերտները առիթը կ’ունենան նաեւ հանդիպելու իրենց տարեկից դպրոցականներու հետ եւ լսելու օգտաշատ դասախօսութիւններ: