Հայ Կեդրոնի Երէցներու Ընկերակցութիւն
Մեր Մասին
Երէցներու Ընկերակցութիւնը Հայ Կեդրոնի ամենէն աշխուժ կազմակերպութիւններէն մէկն է
Ընկերակցութիւնը, շաբաթական դրութեամբ՝ երեքշաբթի օրերը, կ’ունենայ իր անդամական հաւաքները, Հայ Կեդրոնէն ներս: Հաւաքոյթներու ընթացքին կը նշուին անդամներու ծնունդները, ազգային, կրօնական ու աւանդական տօները, եւ կը ներկայացուին առողջապահական կամ ազգային նիւթերու շուրջ դասախօսութիւններ:
Ընկերակցութիւնը կը կազմակերպէ պտոյտներ, ճաշկերոյթներ եւ այցելութիւններ՝ անդամներուն ուրախ եւ տխուր առիթներով:
Օգտակար կը դառնայ Հայ Կեդրոնի բոլոր միութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն անխտիր, թէ՛ նիւթապէս եւ թէ՛ բարոյապէս: Իրենց օրինակելի աշխատանքով, ԵրԷցներու Ընկերակցութիւնը կը վայելէ Հայ Կեդրոնի բոլոր միութիւններուն ու կազմկերպութիւններուն յարգանքը: