ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական միութիւն

“Սիմոն Զաւարեան” մասնաճիւղ

Մեր Մասին

1934ին, Գարեգին Նժդեհ, Գանատայի հարաւային Օնթարիոյի Սէնթ Գաթրինզ քաղաքին մէջ հիմնեց Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան առաջին մասնաճիւղը: Մինչեւ 1974, հիւսիսային Ամերիկայի երիտասարդական միութիւնները կը վարուէին մէկ կեդրոնական վարչութեան կողմէ: Սակայն, ՀԵԴի անդամներու թիւի աճին պատճառով, կառուցային փոփոխութիւն մը անհրաժեշտ դարձաւ: Այս պատճառով, 1974ին, ան բաժնուեցաւ երեք շրջաններու՝ արեւելեան Ամերիկա, արեւմտեան Ամերիկա եւ Գանատա: 1980ական թուականներուն, Գանատայի Հայ երիտասարդաց դաշնակցութիւնը վերանուանուեցաւ «Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Գանատայի երիտասարդական միութիւն»: Հիմնադրութենէն ի վեր, տարիներու ընթացքին, ՀՅԴ ԳԵՄը զարգացաւ ու հզօրացաւ, բազմապատկելով իր անդամներու թիւը եւ ընդարձակելով իր գործելադաշտը: Գանատայի մէջ, մեր կազմակերպութիւնը այսօր ունի աւելի քան 500 անդամներ:

Վարչութիւն
2025-2026

Քրիստ Քէթէնճեան
Ատենապետ
Գայանէ Թորոսեան
Ատենադպիր
Անդրանիկ Մութաֆեան
Գանձապահ
Արամ Թիքճեան
Հաշուապահ
Գարմէն Տին
Խորհրդական
Արիանէ Ղազարեան
Խորհրդական
Նարեկ Գարամարտեան
Խորհրդական

Յանձնախումբեր եւ ձեռնարկներ


Քաղաքական ծիրէն ներս, ՀՅԴ ԳԵՄը աշխուժ գործունէութիւն կը տանի Հայ դատը պաշտպանելու եւ հայ ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը ծանօթացնելու Գանատայի հանրութեան՝ Հայ դատի յանձնախումբին հետ գործակցաբար: Միութիւնը ջանք չի խնայեր պատրաստելու հայ ղեկավարներ ու Հայ դատը պաշտպանող զինուորներ: «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղի քաղաքական գործունէութիւնը գլխաւորաբար կը կեդրոնանայ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման նուիրուած աշխատանքներու վրայ՝ Օթթաուայի Թուրքիոյ դեսպանատան դիմաց եւ քաղաքին մէջ ցոյցերու կազմակերպում, Թորոնթոյի մայր պողոտաներու վրայ պաստառներու ցուցադրութիւն եւ Թորոնթոյի հանրութեան Հայ դատի ծանօթացում:

Ընկերային գետնի վրայ, ՀՅԴ ԳԵՄը աշխուժօրէն կ’աշխատի մէկտեղելու հայ երիտասարդութիւնը հայկական մթնոլորտի մէջ: Կազմակերպելով երգահանդէսներ, խրախճանքներ եւ պարահանդէսներ, միութիւնը իր կարելին կ’ընէ խանդավառելու համայնքի երիտասարդ տարրը: Այս ծիրէն ներս, յատկանշական են աւանդութիւն դարձած ամանորի երիտասարդական խրախճանքը (Christmas Disco), տարեկան պարահանդէսը եւ ամառնային խնճոյքը:

Հանրային ձեռնարկներուն կողքին, ՀՅԴ ԳԵՄը անդամներուն համար կը ստեղծէ ընկերային ճոխ միջավայր: Մտերմիկ հաւաքներու ընդմէջէն, միութեան անդամները կը ստեղծեն անմոռանալի յիշատակներ եւ ընկերային սերտ յարաբերութիւններ:

Ձեռնարկներէն նշենք՝ Գոհաբանութեան օրուայ եւ կաղանդի ճաշկերոյթները, ձմեռնային անդամական պտոյտը եւ Foosballի մրցաշարքը:

ՀՅԴ ԳԵՄը յատուկ աշխատանք կը տանի դաստիարակելու միութեան անդամները եւ առհասարակ հայ երիտասարդութիւնը: Սեմինարներու եւ ժողովներու միջոցով, անդամները կը ստանան Հայոց պատմութեան, Հայ դատի, ընդհանուր մարդու իրաւունքներու եւ Հայաստանի հետ առնչուող նիւթերու մասին դասախօսութիւններ, եւ առիթը կ’ունենան միտքեր փոխանակելու եւ ներկայացնելու նոր գաղափարներ:

ՀՅԴ ԳԵՄը նաեւ ջանք կը թափէ հայ երիտասարդին մօտ ստեղծելու եւ զարգացնելու հայութեան եւ Հայաստանի հետ առնչուող հարցերու շուրջ հետաքրքրութիւնը: Դասախօսութիւններու, կլոր սեղաններու, ընկերային ցանցերու եւ քարոզչական ծրագիրներու միջոցով համայնքի երիտասարդութեան կը տրամդրէ հայերէն լեզուի, մշակոյթի, պատմութեան եւ հայրենիքի մասին նիւթեր:

2011 թուականի ամրան, խումբ մը ՀՅԴ ԳԵՄականներ մեկնեցան Հայաստան եւ Վանաձոր քաղաքի մէջ իրականացուցին պատանեկան ճամբարի մը ծրագիրը՝ ՀՅԴ ԳԵՄ Վանաձորի ճամբարը։ Երկու շաբաթուան ընթացքին, 90 Վանաձորցի պատանիներ ու երիտասարդներ մասնակցեցան այս ճամբարին: Անոնք օգտուեցան ճամբարի անվճար եւ ճոխ ծրագիրէն, որ կ’ընդգրկէր համակարգիչի դասեր, անգլերէնի ուսուցում, արուեստի ու ձեռային աշխատանքի պահեր, ինչպէս նաեւ զանազան խաղեր: