Հայ կեդրոնը կը ծառայէ Թորոնթոհայ համայնքին՝ իր հովանիին տակ գործող համաշխարհային շարք մը միութիւններու միջոցաւ, որոնց իւրաքանչիւրը ունի իր յատուկ առաքելութիւնն ու գործելադաշտը՝ երիտասարդական, երէցներու, ընկերային, կրթական, մշակութային, բարեսիրական, մարզական, սկաուտական եւ քարոզչական։

Օգտուելով Հայ կեդրոնի բազմաբնոյթ ենթակառոյցներէն ու ընձեռած կարելիութիւններէն, այս միութիւնները Թորոնթոյի մէջ կը շարունակեն արդիւնաւէտ կերպով ծառայել մեր համայնքին։

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան («Համազգային») Թորոնթոյի մասնաճիւղը հիմնուած է 1969ին, եւ նոյն տարուան դեկտեմբերին կազմակերպած է առաջին ձեռնարկը՝ նուիրուած Կոմիտաս վարդապետին:

«Բարձրացի՛ր, Բարձրացո՛ւր» նշանաբանին հաւատարիմ, եւ ապագայ տիպար հայորդիներ պատրաստելու իր առաքելութեան համաձայն, ՀՄԸՄ Թորոնթոյի մասնաճիւղը կը գործէ մարզական եւ սկաուտական զոյգ թեւերով:

Հայ օգնութեան միութիւն (ՀՕՄ)

"Ռուբինա" Մասնաճիւղ

Հայ օգնութեան միութեան առաքելութիւնն է քաջալերել կրթութիւնը, մատուցել ընկերային ծառայութիւններ եւ նպաստել կանանց հեղինակութեան: ՀՕՄի Թորոնթոյի «Ռուբինա» Մասնաճիւղը իր 400է աւելի անդամներով եւ տասնեակ մը յանձնախումբերով, լայնածաւալ աշխատանք կը տանի:

1934ին, Գարեգին Նժդեհ, Գանատայի հարաւային Օնթարիոյի Սէնթ Գաթրինզ քաղաքին մէջ հիմնեց Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան առաջին մասնաճիւղը: Մինչեւ 1974, հիւսիսային Ամերիկայի երիտասարդական միութիւնները կը վարուէին մէկ կեդրոնական վարչութեան կողմէ:

ՀՅԴ Գանատայի պատանեկան միութիւն (ՀՅԴ ԳՊՄ)

«Ռոստոմ» Եւ «Քրիստափոր» մասնաճիւղեր

ՀՅԴ Գանատայի պատանեկան միութիւնը (ԳՊՄ) կը հանդիսանայ Գանատահայ պատանին կազմակերպող գլխաւոր ուժը, զանոնք զինելով հայեցի դաստիարակութեամբ եւ ազգային արժէքներով:

Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի երէցներու ընկերակցութիւնը Հայ կեդրոնի ամենէն աշխուժ կազմակերպութիւններէն մէկն է:

«Հայ աշակերտը հայօրէն կը մեծնայ միայն հայ դպրոցին մէջ» նշանաբանէն մեկնած, 1979 թուականին, Հայ կեդրոնի երդիքին տակ, հիմը կը դրուի ՀՕՄի Ամէնօրեայ վարժարանին՝ մանկապարտէզի երեք եւ նախակրթարանի երկու կարգերով:

Սուրբ Աստուածածին հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին հոգեւոր եւ ազգային կեանք կ’ապահովէ մեր գաղութի զաւակներուն համար, վառ պահելով Քրիստոնէական հաւատքի եւ հայութեան արժէքներու տէրը դառնալու գիտակցութիւնը:

Հայ դատի յանձնախումբերը կը հետապնդեն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը և հատուցման հարցերը, Հայաստանի եւ Արցախի վերաբերող խնդիրներ, ինչպէս նաև Ջաւախքի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութիւնը:

«Նոր հայ հորիզոն» հեռուստաժամը կը սփռուի շաբաթական դրութեամբ, ամէն շաբաթ օր առաւօտեան ժամը 9ին, OMNI 1 կայանէն, Օնթարիոհայ գաղութին ներկայացնելով հայրենի եւ տեղական լուրեր, գաղութս հետաքրքրող եւ հայկական ժամանակակից նիւթեր, ...

Յառաջիկայ Ձեռնարկներ