Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւն
Թորոնթոի մասնաճիւղ
Մեր Մասին
«Բարձրացի՛ր, Բարձրացո՛ւր» նշանաբանին հաւատարիմ, եւ ապագայ տիպար հայորդիներ պատրաստելու իր առաքելութեան համաձայն, ՀՄԸՄ Թորոնթոյի մասնաճիւղը կը գործէ մարզական եւ սկաուտական զոյգ թեւերով:
ՀՄԸՄ Թորոնթոն կը հաշուէ շուրջ 650 անդամ: Սկաուտական շարքերը կ’ընդգրկեն մոկլիները, գայլիկ-արծուիկները, արի-արենուշները եւ երէց- պարմանուհիները, որոնց հաւաքները տեղի կ’ունենան կիրակի օրերը: Մարզական փորձերը (ֆութպոլ, պասքէթպոլ, վոլիպոլ, ֆլոր հաքի)՝ շաբթուան եօթ օրերու վրայ բաժնուած ժամանակացոյցով, տեղի կ’ունենան ՀՄԸՄի մարզադաշտին մէջ: Սկաուտական եւ մարզական գործունէութիւններու ծիրէն ներս, ՀՄԸՄ Թորոնթոն կը մասնակցի համահայկական խաղերուն եւ քառամեայ դրութեամբ սկաուտական համաՀՄԸՄական բանակումին՝ Հայաստանի մէջ:
ՀՄԸՄ Թորոնթոն նաեւ կը կազմակերպէ A Run to Remember վազքի մրցում-դրամահաւաքը, տարեկան պարահանդէս, դաշտագնացութիւն, մարզական խաղեր եւ սկաուտական բանակումներ:
Վարչութիւն
2025-2026
Յանձնախումբեր եւ ձեռնարկներ
Այսօր, ՀՄԸՄ Թորոնթոյի սկաուտութիւնը ունի աւելի քան 325 գործունեայ եւ աշխուժ անդամ: ՀՄԸՄի Սկաուտութեան նպատակն է պատրաստել անձնուէր, պատասխանատու, առողջ, պատուաւոր եւ բարոյական բարձր արժէքներ ունեցող քաղաքացիներ եւ ղեկավարներ: ՀՄԸՄի սկաուտութեան մէջ մեծ դեր կ՛ունենայ նաեւ ազգի ու հայրենիքի ծառայութիւնը:
Այս նպատակներու իրագործումը կը կատարուի հետեւեալ միջոցներով՝ արշաւներ, դասախօսութիւններ, սեմինարներ, սկաուտական գիտելիքներու փոխանցումներ եւ տարեկան բանակումներ (աշնանային, ձմեռնային, ամառնային): Սկաուտները կը մասնակցին նաեւ ՀՄԸՄ Գանատայի շրջանային վարչութեան կազմակերպած բանակումին եւ ՀամաՀՄԸՄական բանակումին:
Շաբաթական հաւաքոյթները տեղի կունենան կիրակի օրերը առաւօտեան ժամը 11էն կ.ե. ժամը 1, Հայ կեդրոնին եւ Հայ երիտասարդական կեդրոնին մէջ: Յունիսին կը կազմակերպուի տարեկան «Հայ սկաուտի օր»ը, ուր թորոնթոհայութիւնը կը վայելէ սկաուտական յայտագիր մը:
Սկաուտութեան շարքերը հետեւեալ բաժանմունքները ունին՝
- Մոկլի՝ 5-6 տարեկան (երկսեռ)
- Գայլիկ՝ 7-10 տարեկան (մանչեր)
- Արծուիկ՝ 7-10 տարեկան (աղջիկներ)
- Արի՝ 11-13 տարեկան (մանչեր)
- Արէնուշ՝ 11-13 տարեկան (աղջիկներ)
- Երէց՝ 14-17 տարեկան (մանչեր)
- Պարմանուհի՝ 14-17 տարեկան (աղջիկներ)
- Խմբապետ՝ 18+ տարեկան (երկսեռ)
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար գրել՝ [email protected] հասցէին:
ՀՄԸՄ Թորոնթոյի մարզական բաժանմունքը կը հետեւի մասնաճիւղի ընդհանուր նպատակին` ծառայելու համայնքին, քաջալերելով ու զարգացնելով մարզիկներուն ֆիզիքական եւ մտային կարողութիւնները:
Տարիներու ընթացքին, ՀՄԸՄ Թորոնթոյի մարզական անդամացանկը կրած է աճ եւ այսօր կ’ընդգրկէ 250 մարզիկ, բաժնուած 16 խումբերու: Մասնաճիւղը հպարտ է քոնկ-ֆուի եւ ճատրակի մարզերով, որոնց իւրաքանչիւրը կը ղեկավարէ ու կը մարզէ իր համապատասխան մասնագէտը:
Տարբեր մարզաձեւերու հմտութիւններ սորվելու կողքին, մեր մարզիկները նաեւ կը սորվին խումբի մը մաս կազմելու պատասխանատուութիւնը՝ այն նպատակով որ իրենք դառնան մեր համայնքի ապագայ ղեկավարները:
Իւրաքանչիւր խումբ կը կատարէ շաբաթական փորձեր ՀՄԸՄի մարզասրահին մէջ: Խումբերը կը մասնակցին նաեւ Գանատական Leagueերու, ՀՄԸՄ Գանատայի միջ-մասնաճիւղային խաղերուն եւ ՀամաՀՄԸՄական մարզախաղերուն:
Կը մատուցուին հետեւեալ մարզերը՝ մանչերու եւ աղջիկներու պասքէթպոլ, ֆութպոլ, հաքի, վոլիյպոլ, Քոնկ-Ֆու եւ ճատրակ:
A Run To Rememberը, ՀՄԸՄ Թորոնթոյի նախաձեռնութիւն մըն է որ կը նպատակադրէ նշել եւ յարգել հանգուցեալ հարազատներու եւ ընկերներու յիշատակը, հանգանակել բարեսիրական հաստատութիւններու համար եւ քաջալերել առողջ ապրելակերպը:
Գաղափարը եկած է քանի մը նուիրեալ անդամներէ որոնք փափաքեցան իւրայատուկ ձեւով նշել իրենց ընտանիքի անդամներու եւ ընկերներու յիշատակը, որոնք, ցաւօք, հեռացած են այս կեանքէն:
Այս անհատները կը փափաքէին նաեւ դրական ազդեցութիւն գործել եւ օգտակար դառնալ ընկերութեան առ հասարակ: ՀՄԸՄ Թորոնթոյի եւ Հայ կեդրոնի գործակցութեամբ, A Remember To Rememberը շարք մը բարեսիրական կազմակերպութիւններու համար գումար հանգանակած է, ինչպէս՝ The Hospital for Sick Kids, ՀՕՄի «Սօսէ» մանկամսուր, ՀՕՄի Ամէնօրեայ վարժարան:
A Run To Rememberը հիմնուած է 2008ին եւ տեղի կ’ունենայ հոկտեմբերին:
A Run To Rememberի անձնակազմին հետ կարելի է կապ հաստատել գրելով՝`[email protected]