Հորիզոն մետիա

Մեր Մասին

Հորիզոն մետիան պաշտօնական օրգանն է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէին: Կը հրատարակուի 28 մայիս 1979-էն ի վեր իբրեւ թերթ եւ 2025էն ի վեր իբրեւ տեսալսողական լրատուամիջոց։
1984-ի դեկտեմբերէն սկսեալ Հորիզոն օժտուած է գրական բաժինով, որ այսօր Սփիւռքի հազուագիւտ գրական բեմերէն մէկը կը հանդիսանայ։
1992-էն ի վեր թերթին մէջ իբր ներդիր լոյս կը տեսնէ անգլերէն-ֆրանսերէն յաւելուածը: Թերթը ունի նաեւ իր մանկապատանեկան յաւելուածը: 2001-էն ի վեր, տարեկան դրութեամբ Հորիզոն կը հրատարակէ իր գունաւոր տարեգիրքը:
Հորիզոն անդամ է The National Ethnic Press and Media Council of Canada (NEPMCC) կազմակերպութեան եւ իր ներկայացուցիչով կը մասնակցի Council-ի ժողովներուն:

Անձնակազմ

Սեւակ Պէլեան
Վարիչ-տնօրէն
Վրէժ-Արմէն Արթինեան
Աւագ խմբագիր
Սիլվա Էհրամճեան-Պաշըգճեան
Վարչական պատասխանատու
Սոնա Թիթիզեան-Կետիկեան
Օգնական խմբագիր, սրբագրող, էջադրող եւ հաղորդավար
Վիգէն Աբրահամեան
Տպագիր թերթի անգլերէն եւ ֆրանսերէն բաժիններուն եւ Հորիզոն գրականի խմբագիր
Անահիտ Պալեան
Մանկապատանեկանի խմբագիր