Հայ Օգնութեան Միութիւն

"Ռուբինա" Մասնաճիւղ

Մեր Մասին

Հայ Օգնութեան Միութեան առաքելութիւնն է քաջալերել կրթութիւնը, մատուցել ընկերային ծառայութիւններ եւ նպաստել կանանց հեղինակութեան: ՀՕՄի Թորոնթոյի «Ռուբինա» Մասնաճիւղը իր 400է աւելի անդամներով եւ տասնեակ մը յանձնախումբերով, լայնածաւալ աշխատանք կը տանի: Հաւատարիմ իր առաքելութեան որպէս մարդասիրական կազմակերպութիւն, միշտ պատրաստ եղած է իր օգնութիւնը բերելու հոն ուր կարիքը ստեղծուած եւ պահանջքը ներկայացած է:

Հիմնուած է 1924ին, Ճորճթաունի տղոց օգտակար դառնալու նպատակով: Ապա, մասնաճիւղի աշխատանքները սառած են մինչեւ 1963: 1977ին մասնաճիւղը պաշտօնապէս անուանուած է Հայ Օգնութեան Միութեան «Ռուբինա» Մասնաճիւղ:

ՀՕՄի «Ռուբինա» մասնաճիւղի կրթական առաջին աշխատանքը ՀՕՄի Ամառային Դպրոցի հաստատումը եղած է, որուն յաջորդած է ՀՕՄի Ամէնօրեայ Վարժարանը: Ուստի, ամառնային դպրոցը վերածուած է ՀՕՄի Ամառային ճամբարի, որ կը գործէ մինչեւ այսօր: Կրթական ծիրէն ներս, ՀՕՄի «Ռուբինա» մասնաճիւղը ստեղծած է բազմաթիւ մրցանակներ եւ կրթաթոշակներ՝ նախակրթարանի, երկրորդական վարժարանի, եւ համալսարանի բարձրագոյն ուսումնական նուաճումներ ձեռք ձգող գանատահայ ուսանողներու համար:

Մասնաճիւղը հաստատած է ընկերային ծառայութեան գրասենեակ` Թորոնթոհայ գաղութի կարիքները հոգալու՝ Գանատայի նահանգային ու դաշնակցային ծրագիրներու հիման վրայ:

ՀՕՄի «Ռուբինա» մասնաճիւղը նիւթապէս եւ բարոյապէս կը հոգայ տեղական, ազգային եւ միջազգային տարողութեամբ կարիքներ: Տարիներու ընթացքին, մասնաճիւղը առատաձեռնօրէն նուիրած է ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի մէջ այլազան նախաձեռնութիւններու, ինչպէս՝ ՀՕՄի «Սօսէ» Մանկապարտէզ, Մօր եւ Մանկան ծննդաբեդրութեան Կեդրոն, «Հովանաւորէ՛ Երեխայ Մը», «Հովանաւորէ՛ Աշակերտ մը», ինչպէս նաեւ կրթաթոշակներ եւ մրցանակներ՝ յատուկ շարադրական նուաճումներու: ՀՕՄի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան հսկողութեամբ, ՀՕՄի «Ռուբինա» մասնաճիւղը գործօն մասնակցութիւն կը բերէ նաեւ Գանատայի տարածքին մարդասիրական աշխատանքներուն՝ դպրոցներու նիւթական օժանդակութիւն, կարիքաւոր ընտանիքներու տաք կերակուրի մատակարարում եւ կարիքաւոր երեխաներու տաք հագուստի հայթայթում:

Կը կազմակերպէ նաեւ դասախօսութիւններ՝ իրենց անդամներուն կամ ընդհանդապէս հասարակութեան համար, մշակութային, ընկերային եւ առողջապահական հարցերու շուրջ: Մասնաճիւղիս նախաձեռնութիւններէն են Տարեկան Տօնավաճառը, Ամանորի խրախճանքը, ՀՕՄի Օրը, Կանանց Միջազգային օրը, Տօհմիկ Օրը, Մայրերու Օրը, մասնագիտական եւ անհատական զարգացման սեմինարներ, եւ «Մայր ու Փոքրիկ» շաբաթական հանդիպումներու ծրագիրը, ուր մայրեր եւ նորածինէն մինչեւ 2 տարեկան երեխաներ շաբաթը անգամ մը հանդիպում կ'ունենան միատեղ, առիթը ունենալու սերտ կապեր հաստատելու իրար հետ:

Վարչութիւն
2019-2020

Արտա Շահինեան
Ատենապետ
Վարդուհի Պարտագճեան
Ատենադպիր և Փոխատենապետ
Աննա Գալստեան
Գանձապահ
Կարինէ Տէր Յովակիմեան
Հաշուապահ
Մարալ Միսիրեան
Խորհրդական
Ալվարդ Քէշիշեան
Խորհրդական
Արշօ Աստուրեան
Խորհրդական
Էլիզապէթ Օհաննէսեան
Խորհրդական
Լենա Օհաննէսեան
Խորհրդական

Յանձնախումբեր եւ ձեռնարկներ


Տարեկան Տօնավաճառը տեղի կ’ունենայ իւրաքանչիւր նոյեմբերի առաջին շաբաթավերջին: Հոն կը գտնէք տարբեր վաճառողներու կրպակներ, եզակի նուէրներ, համեմունքներ եւ սննդամթերք: Կը հրամցուին տնական տաք ճաշեր (կիրակնօրեայ աւանդութիւնը՝ Մածունով Քէօֆթէ): Կրպակ վարձելու համար, կրնաք գրել՝ [email protected] հասցէին:

Տօնավաճառի կողքին, տարուան ընթացքին յանձնախումբը կը պատրաստէ եւ կը վաճառէ տարբեր տեսակի տնական ճաշեր, ինչպէս մանթի (չորեքշաբթի օրերը), պէօրէկ, քէօֆթէ եւ թահինով հաց: Պատուէրներ կ’ընդունուին:

Տօնավաճարի յանձնախումբը ունի նաեւ խանութ, ուր կը վաճառուին իւրայատուկ հայկական նուէրներ բոլոր առիթներու համար, ինչպէս՝ ծնունդ, տարեդարձ, մկրտութիւն: Խանութը կը գտնուի Հայ Կեդրոնի 3րդ յարկը եւ բաց է երեքշաբթի օրերը, առաւօտեան ժամը 11էն կ.ե. ժամը 1:

Տօնավաճառի/պազարի աշխատանքներուն հասոյթը կը յատկացուի ՀՕՄի Ամէնօրեայ Վարժարանին եւ ՀՕՄի տարբեր ծրագիրներու իրականցման: Նորութիւններուն կրնաք հետեւիլ, այցելելով facebookի յղումը՝ https://www.facebook.com/arstorontochristmas#

Մեր պապենական հողերու պատմական արժէքները եւ աւանդութիւնները պահպանելու միտումով ամէն տարի կը կազմակերպուի Տոհմիկ Օրը:  Իւրաքանչիւր տարի, կ’ընտրուի հայրենի տարբեր տարածք մը եւ կը հրամցուին այդ տարածաշրջանի յատուկ ուտելիքները ու կը ներկայացուին տարազները, աւանդութիւնները, բարքերը, սովորութիւնները, հերոսները եւ երաժշտութիւնը:

Յանձնախումբը հսկայական աշխատանք կը տանի պատրաստելու համար տուեալ տարածքին մասին գրքոյկ մը, որ կը հրատարակուի եւ կը վաճառուի մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ: Գրքոյկները կ’ընդգրկեն իւրաքանչիւր տարածաշրջանի աշխարհագրական եւ պատմական ակնարկը, քարտէսներ, լուսանկարներ, եզակի արուեստի գործերու պատկերներ, տարածաշրջանի նշանաւոր անձնաւորութիւններու կենսագրութիւններ, յօդուածներ, եկեղեցիներ, կրթական հաստատութիւններ, յուշարձաններ, տարազներ:

ՀՕՄի ընկերային ծառայութեան գրասենեակը կը մատուցէ ընկերային, նիւթական, ֆիզիքական եւ մտային առողջութեան մարզերէն ներս խորհրդապահական եւ անվճար աջակցութիւն գաղութիս բոլոր անդամներուն անխտիր:  Ծառայութիւնները կ’ընդգրկեն՝

•       ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ` Գործի դիմումնագիրներ/ինքնակենսագրականներու պատրաստութիւն, աշխատանք փնտռելու եւ ծանօթութիւններ հաստատելու օժանդակութիւն:

·         ԲՆԱԿԱՐԱՆԱՅԻՆ՝ Բնակարանի ապահովում, ապաստարանի կամ կառավարական բնակարաններու փնտռտուք:

·         ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ՝ Երկարաժամկէտ խնամքի հաստատութիւններու մօտ դիմում, CCAC, Wheel-trans եւայլն:

·         ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ՝ Ընտանեկան խորհրդատուութեան յղում, իրաւական օժանդակութիւն, երեխայի խնամք եւ ընկերային օժանդակութիւն:

·         ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ՝ Կամաւոր աշխատանքի առիթներու որոնում, ուսումնական դժուարութիւն ունեցող աշակերտներու օժանդակութիւն, կրթաթոշակներու դիմում:

·         ԼԵԶՈՒԱԿԱՆ՝ Դիմումնագիրներու եւ փաստաթուղթերու թարգմանութիւն եւ մեկնաբանութիւն ինչպէս նաեւ ESL դասերու աւանդում՝ նոր ներգաղթողներու համար:

Գրասենեակը կը գտնուի Հայ Կեդրոնի 2րդ յարկը: Կը գործէ երկուշաբթիէն ուրբաթ, առաւօտեան ժամը 10էն կ.ե. ժամը 2: Հեռաձայն՝ 416-495-0644 | Fax՝ 416-495-1729 | Ե-նամակ՝ [email protected]

Մասնաճիւղի գործունէութեան մաս կը կազմէ ՀՕՄի Ամառնային ճամբարը, ուր ութը շաբաթներու ընթացքին հայ մանուկներն ու պատանիները կ’ամփոփուին հայաշունչ, հաճելի եւ զուարթ մթնորլորտի մէջ, հայկական երգերով ու պարերով, շրջապտոյտներով, ձեռային աշխատանքներով, համակարգիչի գործածութեամբ կը լեցնեն իրենց ամառնային արձակուրդի օրերը:

4էն 14 տարեկան երեխաներու եւ պատանիներու համար, ճամբարը կը հանդիսանայ հիւրընկալ միջավայր մը, որակաւոր եւ վկայեալ անձնակազմի հսկողութեամբ, որոնք լաւապէս կը տիրապետեն հայերէն եւ անգլերէն լեզուներուն: ճամբաը կ’ընդգրկէ, մարզանքներ, խաղեր, երաժշտութիւն եւ պար: Շաբաթական յատուկ ուղեւորութիւնները երեխաներուն կ’ընծայեն յիշարժան փորձառութիւն:

Ճամբարը գանատահայ երեխային հնարաւորութիւն կու տայ հաստատել եւ պահպանել հայ մշակոյթի հետ իր կապը, ներշնչելով անոր ինքնավստահութիւն:

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, այցելել www.arssummercamp.com կամ գրել` [email protected] հասցէին:

2010 թուականէն սկսեալ, մասնաճիւղը կը նշէ Կանանց Միջազգային Օրը, Մարտ 8ի նախորդող կիրակի օրը: Իւրաքանչիւր տարի կը հրաւիրուի կին բանախօս մը, որ գործի ասպարէզին մէջ մեծ յաջողութիւն ձեռք ձգած է:

INSPIRE ծրագիրը կը միտի թորոնթոհայ կանանց անհատական եւ մասնագիտական ​​զարգացման հնարաւորութիւններ ստեղծել: Ծրագիրը կ’ընդգրկէ դաստիարակչական միջոցառումներ ու աշխատանոցներ եւ կը համակարգէ մասնագէտի մը հետ անհատական հանդիպումները:

Յաւելեալ տեղեկութիւններ քաղելու համար այցելել` www.arsinspire.com կամ գրել` [email protected] հասցէին: