Սուրբ Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցի

Մեր Մասին

Սուրբ Աստուածածին Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին հոգեւոր եւ ազգային կեանք կ’ապահովէ մեր գաղութի զաւակներուն համար, վառ պահելով Քրիստոնէական հաւատքի եւ հայութեան արժէքներու տէրը դառնալու գիտակցութիւնը: Կառուցուած է 1990ին եւ 27 մայիս 1990ին, տեղի ունեցած է Անդրանիկ Պատարագը եւ եկեղեցւոյ օծումը՝ Սուրբ Աստուածածին անունով: Մինչ այդ, պատարագները տեղի կ'ունենային St. Augustine Anglican Churchի մէջ:

Եկեղեցին ունի երէցներու եւ կրտսերներու դպրաց դասեր, 10 ժրաջան յանձնախումբեր եւ շուրջ 250 կամաւոր ծառայողներ: Բարեսիրական գետնի վրայ, եկեղեցին օգտակար կը դառնայ դպրոցական կրթաթոշակներով եւ երէցներու, հիւանդներու եւ կարիքաւոր ընտանիքներու խնամատարութեամբ եւ օժանդակութեամբ: Կը ջամբէ քրիստոնէական դաստիարակութիւն՝ Սբ. Գիրքի սերտողութեան եւ Կիրակնօրեայ Վարժարանի միջոցներով:

Սբ. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւն ու հոգաբարձութիւնը կը կազմակերպեն համերգներ, Սբ. Ծննդեան եւ Սբ. Յարութեան տօներուն առիթով՝ Սիրոյ Սեղաններ, տօնավաճառ եւ Սբ. Աստուածածինի Վերափոխաման տօնին ու Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան զոյգ առիթներով՝ տարեկան քերմէս:

Եկեղեցին իր աշխոյժ մասնակցութիւնը կը բերէ միջ-յարանուանական աշխատանքներուն, անոնց ընդմէջէն նշելու կամ ոգեկոչելու համար ազգային, եկեղեցական ու աւանդական տօներն ու տարեդարձները: Սբ. Աստուածածին Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին մշտական նեցուկ է Հայ Կեդրոնին ու կ’օժանդակէ անոր ի պահանջեալ հարկին։
Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար, այցելել www.stmarytoronto.ca կայքէջը:

Հոգեւոր Հովիւներ՝
Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպ. Տ․ Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան
Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ․ Տ․ Տաթեւ Աւ․ Քհն․ Միքայէլեան

Հոգաբարձութիւն
2025-2026

Տիար Կարօ Սարգիսեան
Ատենապետ
Տիկին Սիլվանա Պապիկեան
Փոխ Ատենապետ
Տիար Սարգիս Կիտանեան
Ատեբադպիր
Տիար Արմենակ Գալուստեան
Գանձապահ
Տիար Արթիւր Սէրգիս
Հաշուապահ
Տոքթ. Գրիգոր Պէպէճեան
Խորհրդական
Տիար Տարօն Տէրտէրեան
Խորհրդական
Տիկին Գարօլ Խանամիրեան
Խորհրդական
Տիար Գրիգոր Արթինեան
Խորհրդական