Հայ Դատի Յանձնախումբ

Մեր Մասին

Հայ Դատի յանձնախումբերը կը հետապնդեն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ հատուցման հարցերը, Հայաստանի եւ Արցախի վերաբերող խնդիրներ, ինչպէս նաեւ Ջաւախքի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութիւնը:

Քաղաքական-քարոզչական գործունէութիւնն է Հայ Դատի յանձնախումբերուն գործելադաշտը, իւրաքանչիւր երկրի/քաղաքի մէջ անոր պայմաններուն ներդաշնակելով:

Այսօր, ունինք չորս գլխաւոր կեդրոնական գրասենեակներ, որոնք քաղաքական նկատառուﬓերով հաստատուած են Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի եւ Ռուսիոյ մայրաքաղաքներու մէջ: Այս գրասենեակներու կողքին, իւրաքանչիւր կազմակերպուած շրջան եւ գաղութ ունի իր գրասենեակը, որ ներդաշնակուած կերպով կը գործէ տէր ըլլալու հայ ազգի քաղաքական իրաւունքներուն, հետեւելու ﬕջազգային քաղաքականութեան եւ Միջին Արեւելքի քաղաքական աննախատեսելի փոփոխութիւններուն, ապա համադրելով այս բոլորը՝ տրամադրելու հայրենի քաղաքականութեան:

Նոյնանման նպատակներ եւ աշխատանքներ կը կատարուին Թորոնթոյի մէջ: Հայ Դատի Յանձնախումբն է որ ժողովուրդին ձայնը լսելի կը դարձնէ քաղաքական պաշտօնատարներու մօտ, եւ կ'օժանդակէ անոնց ընտրական աշխատանքներուն (եւ այդ ժամանակին է որ կը դիﬔնք նաեւ ﬔր ժողովուրդի օժանդակութեան): Յանձնախումբիս աշխատանքներու ծիրէն ներս կ'իյնան Ցեղասպանութիւնը, Արցախեան հիմնահարցը եւ գաղութս յուզող այլ հարցեր, որոնք կ'արծարծուին ըլլայ դաշնակցային, ըլլայ նահանգային կամ քաղաքային եւ ուսուﬓական մակարդակներու վրայ: Յանձնախումբին աշխատանքները կամաւոր ձեւով կ'ընթանան: Թորոնթոհայութեան զօրակցութիւնը յաւելեալ յանձնառութեան տակ կը դնէ ﬔր կառոյցը` իր գործունէութիւնը աւելի ծաւալելու:

Յանձնախումբ
2018-2019

Յարութ Մաթոսեան
Ատենապետ
Վաչէ Գըլըպոզեան
Ատենադպիր
Յարութ Տօնօյան
Գանձապահ
Սարգիս Քէօսէեան
խորհուրդական
Հրայր Ժամկոչեան
խորհուրդական
Սարգիս Կիտանեան
խորհուրդական
Գէորք Չիլինկիրեան
խորհուրդական
Սեւակ Խոշեան
խորհուրդական
Արփի Աքըլեան
խորհուրդական