Թորոնթոհայ Ամսաթերթ
Մեր Մասին
«Թորոնթոհայ»ը լոյս կը տեսնէ 2005էն սկսեալ, ամսական դրութեամբ: Թերթը երկլեզու է եւ ունի լայն ընդունելութիւն, տարածում եւ հասողութիւն՝ գաղութէն ներս եւ դուրս:
Թղթակցութիւններու, յօդուածներու եւ անդրադարձներու ընդմէջէն կը ներկայացուի թորոնթոհայ գաղութի գործունէութիւնը, Հայրենիքի լուրերը, հայկական սփյուռքի գործունէութիւնը եւ այլ տեղեկատուական եւ զուարճալի թեմաներով նորութիւններ:
3000 տպաքանակով, թերթը հասանելի է 20 հազար ընթերցողի` Թորոնթոյի, Գէմպրիճի, Համիլթընի եւ Սէնթ Գաթրինզի մէջ: Կրնաք ձեր թիւը ստանալ Օնթարիոյի Հայ Կեդրոններէն, եկեղեցիներէն, դպրոցներէն եւ Միջին Արեւելեան խանութներէն:
Անձնակազմ
Կարին Սաղտըճեան
                            Խմբագիր
                        Արա Տէր Յարութիւնեան
                            Գծանկարչական ծրագրող
                        Միսաք Գավլաքեան
                            Հաշուական պատասխանատու
                        Սեւակ Յարութիւնեան
                            Ծանուցումներու պատասխանատու