Այսօր Տեղի Կ՛ունենան Երեւանի Աւագանիի Արտահերթ Ընտրութիւնները

This post was originally published on this site

Ս․ Ս․

Այսօր երեւանցիները կ՛ընտրեն իրենց քաղաքապետն ու Երեւանի 64 հոգիէ բաղկացած աւագանիի անդամները։

Յետյեղափոխութեան ետք ասիկա առաջին ընտրութիւններն են, որոնք ըստ պաշտօնական յայտարարութիւններու, պիտի ըլլան ազատ, անկաշկանդ, առանց ուղորդումներու եւ յատկապէս առանց ընտրակաշառքի։

Առաւօտ կանուխ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան քուէարկութեան իր իրաւունքը կիրառելէ ետք լրագրողներուն յայտնեց, որ այս ընտրութիւնները պիտի տարբերին, որովհետեւ քաղաքացին վստահ է, որ պիտի ընտրէ իր նախընտրած թեկնածուն եւ իր ձայնը պիտի չգողցուի։

Ես ալ, որպէս երկար տարիներ Երեւան ապրող քաղաքացի՝ իմ քաղաքացիական պարտքը կատարեցի՝ յանուն մաքուր, բարեկարգ Երեւանի։

Ընտրատեղամասի մէջ քանի մը ընտրողներու հետ զրոյցի ընթացքին հետաքրքրուեցայ այս ընտրութիւններու մասին իրենց ունեցած կարծիքով։

Միջահասակ կին մը ըսաւ, որ ինք առաջին անգամն է, որ ընտրութեան կը մասնակցի կամովին։ «Ամէնէն կարեւորը մարդ կարենայ իր ազատ կամքով ընտրէ։․․․Հիմա մենք մտած ենք նոր փուլ մը, որ  աւելի ազատ է, աւելի անկաշկանդ», վստահեցուց ան։

Մէկ այլ երիտասարդ կարծիք յայնեց, որ ինք մեծ յոյսեր ունի իր թեկնածուին հանդէպ, այդ իսկ պատճառով կը մասնակցի քուէարկութեան։

Մէկ այլ ընտրող ըսաւ, որ յեղափոխութենէն ետք մեծ հաւատքով կը նայինք ապագային։ « Ես յոյսով եմ, որ ասկէ ետք շատ աւելի է լինելու, աւելի լաւ ենք ապրելու։ Ունենալու ենք այն ինչի մասին կը ցանկանաք»։

Հայաստան տեղափոխուելէ ետք՝ վերջին եօթը տարիներուն մասնակցած եմ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն, բայց այսօր իմ մներկայ եղած ընտրատեղամասին մէջ շատ քիչ մարդ կար․ հատ ու կենտ մարդիկ կու գային քուէարկելու։ Արդեօք ժամն էր (մօտաւորապէս 12:30) պատճառը։ Անշուշտ ընտրութիւններու աւարտէն ետք հրապարակուելիք տուեալներէն կ՛իմանանք , թէ որքան եղած է ընտրողներու համեմատութիւնը։

 «Պիտի Քուէարկեմ արդիւնաւէտ եւ արդար կառավարման օգտին` յանուն Երեւանի յաւերժութեան», յայտնեց վաղ առաւօտեան քուէարկելու եկած «Լոյս» դաշինքի Երեւանի քաղաքապետի թեկնածու Արտակ Զէյլնալեան: 

«Ես այսօր ընտրութիւն կատարեցի յանուն երեւանցիներու, յանուն մեր ապագայ կանաչ, բարեկարգ քաղաքին, յանուն մեր երեխաներու, յանուն մեր բոլորի ապագային, որպէսզի Երեւանը ըլլայ այնպիսին, ինչպիսին բոլորս կ՛երազենք», լրագրողներուն ըսաւ «Երեւանի Հանրութիւն» կուսակցութիւններու դաշինքի թենածու Անահիտ Թարխանեան` աւելցնելով, որ այս ընտրութիւններուն հետ մեծ յոյսեր կը կապէ:

Նայիրա Զոհրաբեան ըսաւ, որ իր քուէն կու տայ բարեկարգ, յարմարաւէտ Երեւանի օգտին, իսկ «Ժառանգութեան» թեկնածու Րաֆֆի Յովհաննիսեան ըսաւ, որ այս ընտրական գործընթացը մէկ քայլ առաջ է եւ յոյս յայտնեց, որ «երեւանցին կը քուէարկէ խղճի մտօք»։

«Ես առաջին հերթին քուէարկած եմ յանուն երեւանցիի, երիտասարդութեան, բարեկեցիկ, կանաչապատ Երեւանի, յանուն մեր ժողովուրդի համերաշխութեան եւ միասնականութեան», յայտնեց ՀՅԴ քաղաքապետի թեկնածու Միքայէլ Մանուկեան:

Օրինաց երկիր կուսակցութեան թեկնածու Մհեր Շահգեկդեան վստահ է` երկար տարիներու դադարէ ետք առաջին անգամ է, որ առանց ընտրակաշառքի եւ կեղծիքի ընտրութիւններ տեղի կ՛ունենան, եւ ատիկա կը համարէ պատմական ու բացառիկ:

Մենք ալ յոյսով ըլլանք, որ երեւանցին ընտրէ այնպիսի թեկնածու, որ իսկապէս կը լուծէ Երեւան քաղաքի դիմագրաւած շատ ու շատ հարցրեր։ Երեւանը կ՛ըլլայ երեւանցիին համար յարմարաւէտ, մաքուր, գեղեցիկ, կանաչապատ եւ օրէ օր գեղեցկացող ու բոլորիս հպարտանքը եղեղ իսկական մայրաքաղաք։

Յիշեցնենք, որ Երեւանի աւագանիի արտահերթ ընտրութիւններուն կը մասնակցին 12 քաղաքական ուժ` 4 դաշինք եւ 8 կուսակցութիւն․: «Ժառանգութիւն» կուսակցութիւնը (քաղաքապետի թեկնածու Րաֆֆի Յովհաննիսեան), «Լոյս» դաշինքը (քաղաքապետի թեկնածու Արտակ Զէյնալեան), «Երեւանի Հանրութիւն» դաշինքը (քաղաքապետի թեկնածու Անահիտ Թարխանեան), Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը  (քաղաքապետի թեկնածու Նայիրա Զոհրապեան), «Իմ քայլը» դաշինքը (քաղաքապետի թեկնածու Հայկ Մարութեան), «Հայկազունիներ» կուսակցութիւնը (քաղաքապետի թեկնածու Գէորգ Յովսէփեան), «Երկիր Ծիրանի» կուսակցութիւնը (քաղաքապետի թեկնածու Զարուհի Փոստանջեան), «Ժողովրդավարական ուղի» կուսակցութիւնը (քաղաքապետի թեկնածու Մանուէլ Գասպարեան), Օրինաց երկիր կուսակցութիւն (քաղաքապետի թեկնածու Մհեր Շահգելդեան), ՀՅԴ (քաղաքապետի թեկնածու Միքայէլ Մանուկեան), «Ռեֆորմիստներ» կուսակցութիւնը (քաղաքապետի թեկնածու Արտակ Աւետեան), «Երեւանցիներ» դաշինքը (քաղաքապետի թեկնածու Արարատ Զուրապեան):

Երեւանի աւագանու արտահերթ ընտրութիւններուն մասնակցելու իրաւունք ունի 848 հազար 343 քաղաքացի: