ՀՄԸՄ Թորոնթոյի Շեփորախումբը՝ Մարքամի Մէջ

This post was originally published on this site

Գանատայի համադաշնութեան 150ամեակիn առիթով, Մարքամի քաղաքապետութիւնը ձեռնարկած էր ամիսներու վրայ երկարող բազմաթիւ նախաձեռնութիւններ, որոնց շարքին տողանցք մը՝ մասնակցութեամբ տարբեր գաղութներու մէջ գործող կազմակերպութիւններու, տեղացի մարզիկներու եւ Մարքամի ականաւոր դէմքերու:

Տողանցքը տեղի ունեցաւ Սեպտեմբեր 10ին,  երբ իր հանդիսաւոր մասնակցութիւնը բերաւ ՀՄԸՄ Թորոնթոյի Շեփորախումբը:

Շեփորախումբը արժանացաւ բոլոր ներկաներուն եւ կազմակեպութիւններու ներկայացուցիչներուն բարձր գնահատանքին: Մարքամի քաղաքապետ Ֆրանք Սքարփիթթի անձամբ տեսակցեցաւ շեփորախումբի անդամներուն հետ: Ան դրուատիքով եւ երախտագիտական զգացումներով անդրադարձաւ Թորոնթոհայ գաղութի աշխատանքներուն՝ ինչպէս նաեւ Մարքամի տարբեր ձեռնարկներուն անոր շարունակական մասնակցութեան համար: Սքարփիթթի յայտնեց իր հպարտութիւնը եւ ուրախութիւնը՝ ի տես պատանեկան շեփորախումբի գերազանց կատարումին եւ կարգապահութեան:

Նոր բարձունքներու նուաճում կը մաղթենք ՀՄԸՄ Թորոնթոյի Շեփորախումբին:

Խաժակ