Յասմիկ Պապեան Ցոյցերը Կը Բնութագրէ Իբրեւ «Նորագոյն Զարթօնք»
This post was originally published on this site«Հետք»ի լրագրող Մարինէ Մարտիրոսեանի գրաւոր հարցումներուն պատասխանած է օփերային երգչուհի, Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական արտիստ Յասմիկ Պապեան, որ կը բնակի Աւստրիա:
ՄԱՐԻՆԷ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ.- Տիկին Պապեան, կը հետեւի՞ք արդեօք Հայաստանի մէջ այս օրերուն Սերժ Սարգսեանի վարչապետութեան դէմ տեղի ունեցող բողոքի ցոյցերուն եւ ատոնց հակընդդէմ ոստիկանական գործողութիւններուն: Ինչպիսի՞ն է ձեր դիրքորոշումը այս իրադարձութիւններուն վերաբերեալ:
ՅԱՍՄԻԿ ՊԱՊԵԱՆ.- Ի հարկէ կը հետեւիմ, գիշեր-ցերեկ… Անկարելի է չհամաձայնիլ, որ շարժումը այլեւս անխուսափելի էր: Ինծի համար անիկա Նորագոյն Զարթօնք է: Մենք ականատեսն ենք այն հրաշալի երիտասարդութեան հպարտ կեցուածքին, որոնց հանդէպ շատերը թերեւս մինչեւ այսօր թերահաւատ էին: Ի հակադրութիւն՝ ոստիկանութիւնը իր գործողութիւններով դեռ մնացած է միջնադարու մէջ, միակ տարբերութեամբ՝ արդիական զէնքերով եւ զրայարդարանքով զինուած: Ցաւով պէտք է նշեմ, որ ոչ մէկ յառաջընթաց դեռ չէ արձանագրած: Շարժման պատճառներէն մէկն ալ այդ իրողութիւնն է: Սակայն այս առումով լիայոյս եմ, որ շուտով ոստիկանութիւնը եւս իր դերն ու նշանակութիւնը կը վերանայի՝ յանձին շարժման:
ՄԱՐԻՆԷ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ.- Դուք ձեր ֆէյսբուքեան էջին մէջ գրած էիք, որ Սերժ Սարգսեանը ձեր վարչապետը չի կրնար ըլլալ՝ նշելով, որ ունիք ազատ, անկախ, արժանապատիւ Հայաստանի ձեր տեսլականը: Կը խնդրէի մանրամասնել, թէ ինչո՛ւ չի կրնար ձեր վարչապետը ըլլալ:
ՅԱՍՄԻԿ ՊԱՊԵԱՆ.- Ես իմ կեանքի վերջին գրեթէ երեսուն տարիները կը բնակիմ Հայաստանէն դուրս եւ հնարաւորութիւն ունիմ համեմատութիւններ ընելու: Պետութեան ղեկավարը, որ այլեւս ըսելիք եւ յատկապէս ընելիք չունի եւ գրեթէ բոլոր ոլորտներու մէջ պարտութիւն արձանագրած է, պարտաւոր է իր տեղը «մեծահոգաբար» զիջիլ ուրիշին:
Թող որպէս կրկնութիւն չհնչի, բայց այսօր 21րդ դարի մարտահրաւէրներն այլ են, եւ Հայաստանը նմանապէս անյապաղ կարիք ունի երիտասարդ, բանիմաց, կարող, լայնախոհ, լեզուների տիրապետող եւ հայրենասէր ղեկավարի: Այսօրուայ մեր Ազգային ժողովը, մեղմ ասած, անկարող է բռնել «ժամանակի քննութիւնը»…
ՄԱՐԻՆԷ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ.- Ընդդիմադիր շարժման ղեկավար Նիկոլ Փաշինեան կոչ ըրած է սփիւռքահայ յայտնի արուեստագէտներէն Շարլ Ազնաւուրին, Արսինէ Խանջեանին, Սերժ Թանկեանին գալ Հայաստան եւ կանգնիլ ժողովուրդի կողքին: Հնարաւո՞ր է, որ այդ նպատակով դուք ալ Հայաստան գաք, յատկապէս որ օրեր առաջ Հայաստան կը գտնուէիք:
ՅԱՍՄԻԿ ՊԱՊԵԱՆ.- Չեմ բացառեր: